Բրիտանիա Հայկական Սփիւռքին Մասին Փաստաթուղթ Հրապարակած Է

1217_UKԲրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է հայկական սփիւռքին վերաբերեալ փաստաթուղթ մը, որուն մէջ գնահատականներ տրուած են սփիւռքի դերակատարութեան եւ գործունէութեան մասին:

Փաստաթուղթին համաձայն, հայկական սփիւռքը յարաբերականօրէն մեծագոյնն է յետխորհրդային երկիրներուն եւ առաւելապէս` Ռուսիոյ մէջ, իսկ անկէ ետք կու գան Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի գաղութները:

Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ ներկայիս հայկական սփիւռքին մէջ ապրողներուն թիւը 8-10 միլիոն է, որուն 2.3 միլիոնը կը գտնուի Ռուսիա, 1.5 միլիոնը` Միացեալ Նահանգներ, 400,000-ը` Ֆրանսա եւ 200,000-ը` Լիբանան: Ըստ փաստաթուղթին, շուրջ 80,000-ական հայեր կ՛ապրին նաեւ Ուքրանիոյ, Լեհաստանի, Արժանթինի, Քանատայի, Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի մէջ: Մեծն Բրիտանիոյ հայկական համայնքը կը հաշուէ մօտ 18,000:

Քաղաքական կեանքի մասնակցութեան տեսանկիւնէն` ամէնէն աշխուժ հայկական համայնքը Միացեալ Նահանգներու համայնքը կը նկատուի: Փաստաթուղթը կ՛ակնկալէ, որ ամերիկահայութեան քաղաքական ազդեցութիւնը աճի յառաջիկայ երկու տարիներուն, յատկապէս` Ցեղասպանութեան 100-ամեակին պատճառով:

Սփիւռքի դերակատարութեան վերաբերեալ փաստաթուղթը կը նշէ, որ նախ եւ առաջ այդ օգնութիւնը կ՛արտացոլայ Հայաստանի զարգացման գործին մէջ անոր ունեցած տնտեսական ներդրումներով, որոնք կը գնահատուին 2 միլիառ տոլարով` 1992-էն ի վեր: Կը շեշտուի նաեւ Հայաստանի «մարդկային դրամագլուխը» զարգացնելու գործին մէջ սփիւռքի օժանդակութեան կենսական կարեւորութիւնը` ակնարկելով շարք մը մարզերու մէջ մայր հայրենիքին ցուցաբերուած արհեստագիտական օժանդակութեանց, որոնք 1992-էն ի վեր բազմացած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ:

Փաստաթուղթին համաձայն, սփիւռքը Հայաստանին կ՛օգնէ ոչ միայն իր սեփական միջոցներով, այլեւ կը կազմակերպէ օտար կառավարութիւններու կողմէ Հայաստանին եւ Արցախին ցուցաբերուող օգնութիւններ:

Հայկական լոպիները կը ներկայացուին իբրեւ  միջազգայնօրէն Հայկական հարցի առաջ մղման գործին մէջ բարձր արդիւնաւէտութիւն ունեցող կառոյցներ: Իբրեւ օրինակ կը նշուի հայկական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններուն մասով, փաստաթուղթի հեղինակները կը յայտնեն, թէ հակառակ այդ յարաբերութիւններու սերտութեան, երբեմն տարակարծութիւններ կը ծագին, ինչպէս օրինակ` սփիւռքի հայկական շարք մը կազմակերպութիւններու բացասական արձագանգը` հայ-թրքական արձանագրութիւններուն:

Ըստ փաստաթուղթին` Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները աւելի սրած էին նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի պաշտօնավարման տարիներուն (1991-1998), որովհետեւ ան կը քննադատէր սփիւռքը` հայկական իրականութեան եւ Հայաստանի մէջ ընթացող քաղաքական իրադարձութիւնները ո՛չ իրապաշտ դիրքերէ ընկալելուն եւ մեկնաբանելուն համար: Կը նշուի անոր պաշտօնավարման ժամանակ ՀՅԴ-ի գործունէութեան արգիլումը, ինչպէս նաեւ` անոր հրաժարականին եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին մէջ ի յայտ եկած իրավիճակին միջեւ կապը:

Ընդհանուր առմամբ, համաձայն փաստաթուղթի գնահատականներուն, նախորդ տասը տարիներուն Հայաստան ամբողջութեամբ չէ կրցած օգտագործել սփիւռքի կարողականութիւնը, յատկապէս` տնտեսական ներդրումներու տեսակէտէն, որուն պատճառը Հայաստանի տնտեսութեան շարք մը մարզերուն մէջ հաստատուած մենաշնորհները կը նկատուին:

Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ կը յիշատակուի նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնած Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումը:

Փաստաթուղթին մէջ, իբրեւ սփիւռքէն Հայաստան մնայուն բնակութեան մեկնած գործիչներ նշուած են Րաֆֆի Յովհաննէսեանի եւ Վարդան Օսկանեանի անունները:

Ընդհանրացնելով` փաստաթուղթին մէջ կը յայտնուի, որ սփիւռքի դերը կը շարունակէ էական մնալ տնտեսական աջակցութեան ցուցաբերման գծով, իսկ արտաքին քաղաքականութեան հետ կապուած հարցերու պարագային, ինչպէս`  Լեռնային Ղարաբաղի տագնապն ու հայ-թրքական յարաբերութիւնները, կարելի է սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն մէջ որոշ տարակարծութիւններ ակնկալել:

 

Share this Article
CATEGORIES