Զուիցերիոյ Նախագահը Դէմ Արտայայտուած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանի Կանգնեցման

Արիանա թանգարանն ու անոր հանրապարտէզը
«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ Զուիցերիոյ ձայնասփիւռ-պատկերասփիւռի ընկերութիւնը 16 դեկտեմբերին հաղորդած է, որ Զուիցերիոյ նախագահ Տիտիէ Պուրքհալթեր նամակ յղած է Ժընեւի նահանգի իշխանութիւններուն` խորհուրդ տալով չեղեալ յայտարարել Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած յուշարձանի տեղադրման որոշումը:
ՄԱԿ-ի ժընեւեան կեդրոնատեղիին կից գտնուող Արիանա հանրապարտէզին մէջ կանգնեցուելիք յուշարձանին շուրջ իրարանցումը սկսած էր 2008-ին: Սկիզբը յուշարձանը պիտի տեղադրուէր Ժընեւի Հին քաղաքին մէջ, հետագային որոշուեցաւ զայն տեղափոխել հանրապարտէզ: Սակայն այժմ յուշարձանի կանգնեցման հարցը դարձեալ անորոշ է:
Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ նախագահ Պուրքհալթեր կոչ կ՛ուղղէ իշխանութիւններուն` արտօնութիւն չտալու Արիանա հանրապարտէզին մէջ յուշարձանի կանգնեցման համար:
«Յուշարձանի կանգնեցման ծրագիրի չեղեալ յայտարարումը պիտի նպաստէ, որպէսզի այդ տարածքին մէջ գտնուող ՄԱԿ-ն ու միւս միջազգային կազմակերպութիւնները շարունակեն աշխատիլ խաղաղ պայմաններու մէջ», նշուած է նամակին մէջ:
Նշենք, որ 2003-ին Զուիցերիոյ Ներկայացուցիչներու պալատը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն Ծերակոյտն ու երկրին կառավարութիւնը նոյնը չեն կատարած:

