Կեդրոնական Դրամատունը Իրականացուցած Է 4 Միլիոն Տոլարի Վաճառք` 1 Տոլարը 570.58 Դրամով
Հայաստանի կեդրոնական դրամատունը երէկ իրականացուցած է 4 միլիոն տոլարի վաճառք 570 դրամ 58 լումա 1 տոլարի դիմաց միջին կշռուած փոխարժէքով: Սահմանային փոխարժէքը կազմած է 567 դրամ 65 լումա 1 տոլարի դիմաց:
Յիշեցնենք, որ սակարանին մէջ ստեղծուած իրավիճակը բնականոնացնելու, փոխարժէքի տատանումները հարթելու եւ օտար դրամանիշներու շուկային մէջ հաւասարակշռութիւնը վերականգնելու նպատակով, Հայաստանի կեդրոնական դրամատունը որոշած է 8 դեկտեմբերէն սկսեալ մինչեւ տարեվերջ սակարկութիւններու միջոցով իրականացնել օտար դրամանիշներու վաճառքներ, նախապէս յայտարարուած առաւելագոյն քանակով:
CATEGORIES Հայկական

