Ռուսիոյ Դաշնակցային Խորհուրդը Վաւերացուց Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հայաստանի Անդամակցութեան Համաձայնագիրը

1217_Federal-CouncilՌուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդը վաւերացուցած է Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան մասին համաձայնագիրը: Այս մասին կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու կայքը: Ըստ փաստաթուղթին, Հայաստան Եւրասիական տնտեսական միութեան լիիրաւ անդամ կը դառնայ Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի հետ: Նախապէս  փաստաթուղթը վաւերացուցած էր Ռուսիոյ Տուման:

Ազրպէյճանի մէջ Պիելոռուսիոյ դեսպան Նիքոլայ Փացքեւիչ լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին ժամանակ յայտարարած է, որ Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութիւնը ոչ մէկ ձեւով

կ՛անդրադառնայ  Ազրպէյճանի շահերուն վրայ:

«Եւրասիական տնտեսական միութեան  Հայաստանի անդամակցութիւնը պիտի  իրականացուի միջազգային իրաւունքին համապատասխան: Ատիկա ոչ մէկ ձեւով պիտի ոտնակոխէ Ազրպէյճանի շահերը», ըստ «Թրենտ» լրատու գործակալութեան ըսած է դիւանագէտը` յոյս յայտնելով, որ մօտիկ ապագային Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամներուն թիւը կ՛աւելնայ:

Share this Article
CATEGORIES