«Եթէ Երկիրը Սնանկանայ, Բոլորս Կը Տուժենք» Ըսաւ Արմէն Ռուստամեան

1217_Rusdamian2ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան լրագրողներուն հետ երէկուան  զրոյցին ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէ ՀՅԴ-ի  նախաձեռնութեամբ երեքշաբթի հրաւիրուած արտակարգ նիստին Ազգային ժողովի Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւոր, զօրավար Սէյրան Սարոյեանի խօսքը, ըսած է. «Թող հասարակութիւնը գնահատական տայ, ես խնդիր չունիմ` իւրաքանչիւրի խօսքը գնահատելու: Պատգամաւոր է, իրաւունք ունի իր ոճին մէջ եւ  իր տեսակին համապատասխան խօսք  արտասանելու, եթէ ատիկա իր մէջ վիրաւորանք ու զրպարտանք չի պարունակեր: Հիմա Սէյրան Սարոյեան այդ տեսակի մարդ է, արտասանած է իր խօսքը: Ես այդպիսի խօսք չէի արտասաներ»:

Լրագրողներու այն դիտարկման, որ խօսքը կը վերաբերի Սէյրան Սարոյեանի ելոյթի այն հատուածներուն, որոնք բացայայտ կը  հաստատեն այն կասկածները, թէ Արամ Մանուկեան ծեծի ենթարկուած է նախագահին հայհոյելու պատճառով, Արմէն Ռուստամեան  պատասխանած է. «Ես այդ  գնահատումները չեմ ընդունիր, բայց այն մասը, որ կը վերաբերի իմ շատ յարգած մեր պաշտօնակիցին` Արամ Մանուկեանին, որուն խօսքին մէջ վիրաւորանք եղած է Աբովեանի մէջ յայտնի հանրահաւաքի ժամանակ… Մայր հայհոյելը մեր ժողովուրդին մէջ մեծագոյն վիրաւորանքն է: Յարգելինե՛րս, մենք ալ պէտք է հասկնանք, կարելի չէ հայհոյանքներ տեղացնել եւ մտածել, որ անոնք անպատասխան կը մնան: Պիտի հասկնանք, որ հայ ժողովուրդին մտածելու կերպը այդպիսին է: Օրինակ` Ռուսիոյ մէջ այդպիսի հայհոյանքը բարեւի տեղ կ՛անցնի, բայց հայ ժողովուրդին  մօտ այդպէս չէ: Բանակին մէջ ալ ծառայած ենք եւ տեսած, երբ որեւէ հայ մարդու հասցէին հայհոյանքը ինչ վատ հետեւանքներ  ունեցած է: Եղած  է դէպք, որ ռուս մարդը, որ վատ միտքեր ալ չէ ունեցած, պարզապէս հայհոյած  է հայուն, բայց մինչեւ բացատրելը, ուշ եղած է»:

Ռուստամեան աւելցուցած է, որ Սէյրան Սարոյեանի խօսքին մէջ աւելի շատ կարեւոր նկատած է այն, որ ան անկեղծ ըսած է իր մտածածը, մինչ կան մարդիկ, որոնք աւելի վատ բաներ կը մտածեն, բայց չեն արտայայտուիր:

Արմէն Ռուստամեան նաեւ նշած է, որ ՀՅԴ-ն միացած է Ժառանգութիւն եւ Օրինաց երկիր  խմբակցութիւններու նախաձեռնած արտակարգ նիստի ստորագրահաւաքին: «Բնականաբար, մենք ալ մտահոգ ենք  ստեղծուած վիճակով: Ինչ կը վերաբերի նիստի դռնփակ ըլլալուն, ատոր շուրջ համաձայնութիւններ գոյացած են, այնպէս որ  մեղադրեցէք անոնց, որոնք համաձայնած են դռնփակ քննարկման: Համաձայնած են նոյն իշխանութիւններուն հետ, որպէսզի դռնփակ տեղի ունենայ: Այսինքն` բոլորին կարելի է, Դաշնակցութեան կարելի չէ՞», ըսած է Ռուստամեան եւ աւելցուցած է, որ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը մասնակցած  է ստորագրահաւաքին` միաժամանակ պայման դնելով, որ նիստը պէտք է տեղի ունենայ դռնփակ, եւ նիստը նախաձեռնող քաղաքական ուժերը համաձայնած  են: «Ըսած են` եկէք դռնփակ ընենք եւ որեւէ որոշում չտանք», ըսած է  Ռուստամեան:

«Երկիր»-ի հարցումին, որ լռած է կառավարութիւնը, կը լռէ նախագահը, մինչ  հանրապետութեան ելեւմտական ու տնտեսական վիճակի անկայունութիւնը հասած է գագաթնակէտին, իսկ խուճապը հասարակութեան շրջանակին մէջ կ՛աճի, Ռուստամեան պատասխանած է. «Իրավիճակը միայն ներազգային չէ, համաշխարհային վիճակով պայմանաւորուած է: Հասկնալի է ի՛նչ կը կատարուի: Ասիկա աշխարհաքաղաքական պայքարի հետեւանք է, մեծ պետութիւններու շահերու բախման արդիւնք: Ուրեմն մեր խնդիրն է իսկապէս հասկնալ, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ, եւ  կը հրաւիրուին այն պաշտօնատարները, որոնք  պարտաւոր են լուծումներ գտնել: Եթէ այս իրավիճակը հսկողութեան տակ չդրուեցաւ, եթէ  այս վիճակը փուլ եկաւ, պիտի փլի բոլորիս գլխուն, եւ այստեղ չենք կրնար տարանջատել իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն, որովհետեւ կը գտնուինք տնտեսական մէկ նաւու վրայ: Աստուած մի արասցէ, եթէ երկիրը սնանկանայ, բոլորս կը տուժենք»:

 

Share this Article
CATEGORIES