Պատճառը Ռուսիոյ Տնտեսութեան Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումներն Են

Գագիկ Խաչատրեան

Գագիկ Խաչատրեան

Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Գագիկ Խաչատրեան, երէկ պատասխանելով «Երկիր»-ի այն հարցումին, թէ արդեօք կառավարութիւնը պիտի հասնի՞ մինչեւ նոր տարի կայունացնել երկրի ելեւմտական-տնտեսական շուկային մէջ ստեղծուած խուճապային վիճակը, որովհետեւ 12 ոչ աշխատանքային օր պիտի ըլլայ, պատասխանած է. «Պիտի իրականացուին գործողութիւններ: Վարչապետին մօտ քննարկումներ կ՛ընթանան միջազգային կառոյցի մասնագէտներու մասնակցութեամբ: Պիտի կատարուին բոլոր քայլերը, որպէսզի վիճակը կայունանայ»:

Նախարարը համաձայն եղած է, որ ե՛ւ  ներածողները, ե՛ւ արտածողները այսօր յայտնուած են վտանգաւոր վիճակի մը մէջ, սակայն ըստ անոր, այդ վիճակը միայն Հայաստանի մէջ չէ, եւ այս իրավիճակին հիմնական պատճառը Ռուսիոյ  տնտեսութեան մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններն են:   Գագիկ Խաչատրեան  նաեւ աւելցուցած է, որ սակարանին մէջ  շահարկումները բացայայտելը ելեւմուտքի  նախարարութեան գործը չէ:

Share this Article
CATEGORIES