Հայաստանի Կառավարութիւնը «Կը Ձեռնարկէ Բոլոր Միջոցներուն»` Ելեւմտական Համակարգի Բնականոն Գործունէութեան Համար

1217_Hovig_Finance«Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կ՛աջակցի ելեւմտական  համակարգի կայունութեան ուղղուած կեդրոնական դրամատան ջանքերուն եւ  կը ձեռնարկէ բոլոր միջոցառումներուն` այդ համակարգի բնականոն գործունէութիւնը  ապահովելու, Հայաստանի Հանրապետութեան  գործարարներուն եւ քաղաքացիներուն  իրաւունքներն ու շահերը պաշտպանելու համար», երէկ յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան` անդրադառնալով ելեւմտական  շուկային մէջ ստեղծուած իրավիճակին:

Ըստ Հայաստանի վարչապետին, ելեւմտական  շուկայի ներկայ զարգացումները հիմնականին մէջ պայմանաւորուած են համաշխարհային եւ  շրջանային զարգացումներով, որոնք զերծ չեն ակներեւ վարկածային, շահադիտական  տարրերէ:

«Համաշխարհային միտումներու այսպիսի  տարերային զարգացումներու պարագային Հայաստանի Հանրապետութեան  կառավարութիւնը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ լողացող փոխարժէքի որդեգրուած քաղաքականութեան, որ անհրաժեշտ է տնտեսութիւնը երկարաժամկէտ անկայունութենէ  զերծ պահելու համար: Դրամատուներու մէջ գումար պահ դրած բոլոր քաղաքացիները  պէտք է վստահ ըլլան, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը  ունի գումարներու երաշխաւորման գործօն համակարգ, եւ թէ կառավարութիւնը եւ կեդրոնական դրամատունը կ՛ընեն եւ պիտի ընեն ամէն ինչ` քաղաքացիներուն պահ դրած գումարներուն պաշտպանութեան համար», յայտարարած է Աբրահամեան:

Վարչապետը նաեւ տեղեկացուցած է, որ   կեդրոնական դրամատան խորհուրդը հանրութեան մանրամասն պարզաբանումներ պիտի տայ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ:

«Կառավարութիւնը մնայուն կապի մէջ է նաեւ իր միջազգային գործընկերներուն հետ, եւ վստահ է, որ միացեալ ջանքերով եւ հանդարտ  դատողութեամբ մենք կրնանք ապահովել կայունութիւն ե՛ւ ելեւմտական, ե՛ւ ապրանքներու  շուկաներուն մէջ` բացառելով սպառողական ապրանքներու գիներու անհիմն աճը», նշած է վարչապետը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES