ՀՅԴ 124-Ամեակի Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն` Հալէպի Մէջ

1217_haleb4«124 տարի մտքի, կամքի եւ խղճի երթ» բնաբանով չորեքշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան 124-րդ տարեդարձի ժողովրդային հանդիսութիւնը` հովանաւորութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսին, Հալէպի հոգեւոր պետերուն, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, Ազգային վարչութեան, ազգային, մարզական, մշակութային եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ մտքի, կամքի ու խղճի երթին հաւատացող Հալէպահայ հոծ բազմութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը:

1217_haleb1Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներուն յաջորդեց օրուան խորհուրդը ներկայացնող հայերէն բացման խօսքը` Զարմիկ Չիլաբոշեան-Պօղիկեանի կատարողութեամբ, որ Դաշնակցութեան օրը որպէս հաշուեյարդարի օր նկատեց եւ բացուած յայտարարեց օրուան հանդիսութիւնը, ապա արաբերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ճորճ Պապեան, որմէ ետք յեղափոխաշունչ երեք երգերով ելոյթ ունեցաւ Սուրիոյ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Յարութ Ալապոզանեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի:

Ապա ներկաները հետեւեցան տեսերիզի մը` «ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութիւնն ու անոր ներդրումը սուրիահայութեան եւ յատկապէս հալէպահայութեան կեանքին մէջ» խորագիրով: Գեղարուեստական յայտագիրին նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին Նշան Փափազեան եւ Ռուզան Պարսումեան նուագով, Գէորգ Շահինեան եւ Նանօր Մինասեան ասմունքով եւ Յովիկ Գլընճեան` մեներգով:

Հրանդ Մարգարեան

Հրանդ Մարգարեան

Շահան արք. Սարգիսեան

Շահան արք. Սարգիսեան

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, որ Հայաստանի քաղաքական ներկայ անցուդարձերուն շուրջ ընդհանուր ակնարկ մը ներկայացնելէ ետք կոչ ուղղեց սուրիահայերուն գօտեպնդուելու եւ տոկալու բոլոր դժուարութեանց:

Օրուան հանդիսավարներ Վարդենի Խուտեցեան եւ Յարութ Տեկիրմենճեան հերթաբար ներկայացուցին ստացուած շնորհաւորագիրները: Աւարտին, Շահան արք. Սարգիսեան իր սրտի խօսքին մէջ հանգամանօրէն մարմնաւորեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ըսելով, որ մտքի, կամքի եւ խղճի տէր կուսակցութիւն ըլլալ կը նշանակէ ամբողջական մարդ ըլլալ, որ ժողովուրդի ծոցէն ծնած ու ժողովուրդի ամբողջական իղձերը դրսեւորողը եղաւ 124 տարիներ շարունակ, ապա մատնանշեց, որ 124-րդ տարեդարձը լրջանալու, ինքնաքննութեան, հաշուեքննութեան եւ ինքնասրբագրման լաւագոյն պահն է, ուր մեր յուսադրող կամքը, նուիրական ծառայութիւնը անհրաժեշտ է կենսունակօրէն գործի վերածել ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար:

Հուսկ, սրբազան հայրը կոչ ուղղեց փոխակերպուելու` հոգեպէս, մտային մեր ներաշխարհով եւ յատկապէս մեր կեցուածքներով, կերտելու նորանոր նուաճումներ:

ՀՅԴ 124-րդ ամեակի հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով:

 

Share this Article
CATEGORIES