Կաթուզօ Կ՛ուզէ Ստանձնել Ռէյնճըրզի Մարզիչի Պաշտօնը
Ա.ՍԷ.Միլանի եւ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յետսապահ Կենարօ Կաթուզօ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ կը փափաքի սկովտիական Ռէյնճըրզ ֆութպոլի ակումբի մարզիչի պաշտօնը ստանձնել:
Իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին Կաթուզօ ըսաւ. «Բնականաբար կինս Կլասքոյէն է, բայց այս նոր մարտահրաւէրը ստանձնելու փափաքիս գլխաւոր պատճառը այն է, որ կ՛ուզեմ այդ պաշտօնը` նկատի ունենալով, որ Ռէյնճըրզ հարուստ պատմութիւն ունեցող մեծ ակումբ է: Նշեմ, որ տարեշրջան մը իբրեւ ֆութպոլիստ ալ անցեալին մաս կազմած եմ Ռէյնճըրզին»:
CATEGORIES Մարզական

