Աշխարհի Ֆութպոլի Ակումբներու Ախոյեանութիւն. Ռէալ Մատրիտ Դիւրութեամբ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը
Մարոքի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ֆութպոլի ակումբներու ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Եւրոպայի ախոյեան Ռէալ Մատրիտ դիւրութեամբ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, երբ 4-0 արդիւնքով յաղթեց մեքսիքական Քրուզ Ազիւլ խումբին:
Եւրոպական ակումբին կոլերը նշանակեցին Սերճիօ Ռամոս (15-րդ) Քարիմ Պենզեմա (36-րդ), Կերըթ Պէյլ (50-րդ) եւ Իսքօ (72-րդ):
Աւարտական մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ օր, Ռէալ Մատրիտ իր դէմ պիտի ունենայ կա՛մ Հարաւային Ամերիկայի ախոյեան Սան Լորենզոն, կամ ալ` Ովկիանիոյ ախոյեան Օքլենտ Սիթին:
CATEGORIES Մարզական

