Արժեն Ռոպեն` Հոլանտայի Տարուան Լաւագոյն Մարզիկը

«ՆՈՍ» պարբերաթերթին համաձայն, Պայէրն Միւնիխի 30 տարեկան միջնապահ Արժեն Ռոպեն ընտրուեցաւ Հոլանտայի տարուան լաւագոյն մարզիկը:
27 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Ռոպեն դարձաւ այդ մրցանակին արժանացած առաջին ֆութպոլիստը: 1987-ին լաւագոյնը ճանչցուած էր Ռուտ Կիւլիթ:
Տարուան լաւագոյն մարզիչի տիտղոսին տիրացաւ Լուիս Վան Կաալ, որ նախքան Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչի պաշտօնը ստանձնելը, օգնեց իր հաւաքականին` Հոլանտային, 2014-ի Մոնտիալին գրաւելու 3-րդ դիրքը:
Նշենք, որ Վան Կաալ 2-րդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին: Ան 2009-ին այդ նուաճումը իրագործած էր, երբ իր ակումբին` Ազ Ալքմաարի հետ հանդիսացած էր Հոլանտայի ախոյեան, կ՛եզրափակէ ArmSport.am:
CATEGORIES Մարզական

