Մոհամետ Տահուք` Նըժմէի Նախագահ

Ինչպէս ծանօթ է շաբաթասկիզբին տեղի ունեցան Նըժմէի ընտրութիւնները, որոնց ընթացքին իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած բոլոր անձերն ալ ընտրուեցան մրցակիցի չգոյութեան պատճառով:

Իր գումարած առաջին նիստին նոր վարչութիւնը կատարեց պաշտօններու բաժանում:

Մոհամետ Ամին Տահուք ընտրուեցաւ նախագահ, մինչ Սալահէտտին Օսէյրան եւ Ժիհատ Ահմետ Հարպ` փոխնախագահներ: Սաատէտտին Մուհիէտտին Իթանի ընտրուեցաւ ընդհանուր քարտուղար, Սամի Ուազզան` գանձապահ, իսկ Ֆուատ Շաֆիք Սըննօ` հաշուապահ:

Share this Article
CATEGORIES