Արթուր Գէորգեան. «Վերջին 15 Տարուան Մէջ 2014-ի Յաջողութիւնները Բացառիկ Են»
Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Գէորգեան «Peoplemeter» մամուլի ակումբին մէջ մամլոյ ասուլիս մը տալով ամփոփեց աւարտող տարուան ընթացքին մարզաձեւին արձանագրած յաջողութիւնները եւ խօսեցաւ յառաջիկայ տարուան ծրագիրներուն մասին:
Ան ըսաւ. «Ինչպէս գիտէք, 2014-ին մեծերը պաշտօնական ոչ մէկ մրցաշարք ունէին կատարելիք: Հետեւաբար, շեշտը դրուեցաւ երիտասարդներուն վրայ, որոնք իրենք զիրենք լաւ դրսեւորեցին: Ընդհանուր առմամբ կրնանք ըսել, որ վերջին 15 տարիներուն 2014-ի յաջողութիւնները կը նկատուին բացառիկ»:
«Պիտի շարունակենք մեր քաղաքականութիւնը եւ նպաստենք մարզադպրոցներու կառուցման: Այս տարի հինգ մարզասրահներ աւելցուցինք Երեւանի, Արցախի եւ Տաւուշի մէջ», շարունակեց ան:
Անդրադառնալով Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք եւրոպական խաղերուն` Գէորգեան ըսաւ. «Անիկա շատ բարդ հարց մըն է, որովհետեւ դժուար է ըսել, թէ ինչպէ՞ս` պիտի երաշխաւորուի անվտանգութիւնը:
Ունինք լաւ մարզիկներ, որոնց ծնողները սակայն կը հրաժարին իրենց զաւակներուն թոյլ տալ, որ Ազրպէյճան մեկնին: Որոշումը կ՛իյնայ ֆետերասիոնին, եւ մենք այդ հարցը տակաւին պէտք է քննարկենք»:

