Լեւոն Հայրապետեան Կը Հեռանայ Պրիպրամէն

1217_levon_hayrapetyanՀայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Լեւոն Հայրապետեան կը պատրաստուի հեռանալու չեխական Պրիպրամէն

Ան երէկ ArmSport.am-ին յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն իր ակումբին հետ պիտի խզէ գործող պայմանագիրը:

Այս ախոյեանութեան ընթացքին Հայրապետեան խաղալու կարելիութիւն գրեթէ չստանար, որուն պատճառով ան չ՛ուզեր մնալ չեխական խումբին հետ:

Հայկական աղբիւրը իր այս լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ Հայրապետեան նախորդ փետրուարին իբրեւ ազատ մարզիկ միացաւ Պրիպրամի:

Share this Article
CATEGORIES