Տիգրան Պետրոսեանի 85-Ամեակին Նուիրուած Ճատրակի Մրցաշարք
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան եւ համագործակցութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին ու ՀԲԸՄ Անդրանիկ երիտասարդական միութեան, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի ունեցաւ աշխարհի ճատրակի 9-րդ ախոյեան Տիգրան Պետրոսեանի 85-ամեակին նուիրուած մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի մէջ գտնուող դեսպաններ:
Մրցաշարքին բացումը կատարեցին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Անդրանիկ երիտասարդական միութեան նախագահ Վիգէն Չերչեան եւ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Ռոլան Ախրաս, որոնք ընդգծեցին Տիգրան Պետրոսեանի անգնահատելի դերը` համաշխարհային ճատրակի զարգացման մարզին մէջ:
Ներկաներուն ցուցադրուեցաւ յատուկ տեսերիզ մը` Տիգրան Պետրոսեանի մասին:
Մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ զուիցերիական համակարգով, իրենց մասնակցութիւնը բերին դեսպաններ, միջազգային կազմակերպութիւններու դիւանագէտներ եւ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Անդրանիկ ճատրակի ակումբի անդամներ:
5 կէտ ապահովելով մրցաշարքի տիտղոսին տրացաւ Անդրանիկ ճատրակի ակումբի անդամ Միշել Քարամ:
Դեսպան Աշոտ Քոչարեան եւ Պուլկարիոյ դեսպանութեան ներկայացուցիչը` Պոյչօ Սթամենով, 4,5-ական կէտ ապահովելով բաժնեցին 2-3 դիրքերը:
Յաղթողները պարգեւատրուեցան Տիգրան Պետրոսեանի յուշամետալներով, իսկ մրցաշարքին բոլոր մասնակցողներուն տրուեցան յատուկ վկայագիրներ:

