Երազներուս Աշխարհին Մէջ. Ի Յուշ Երանաշնորհ Մեսրոպ Սրբազանին
ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Դժուար է ըսել` ի յուշ… Մեսրոպ սրբազանին համար, հակառակ անոր որ մասնակցեցայ Օշական արք. Չոլոյեանի մատուցած Ս. պատարագին, եւ վերջին օծումէն ետք տեսայ անոր դագաղը, որ ձիւնին մէջէն, Նիւ Եորքէն Անթիլիաս կ՛երթար Արարիչին միանալու:
* * *
1961-ին Հալէպ, Անթիլիասի դպրեվանքի մուտքի քննութիւնս անցընող վարդապետը հայր Մեսրոպն էր: Ան էր մեր սիրելի ուսուցիչն ու դպրեվանքի փոխտեսուչը, որ բոլորիս հանդէպ հայրական սէր ու գուրգուրանք կը ցուցաբերէր:
Իրիկուն մը ան նկարիչ մը բերեր էր վանքը, որպէսզի լուսաւորուած մայր տաճարը ամպերուն քովէն վազող լուսինին հետը նկարել տար: Եւրոպայէն` Զուիցերիայէն կամ Ամերիկայէն վերադարձին մեզի` բոլորիս շոքոլա (տուրմ) մեղր եւ այլն նուէր կը բերէր… Իր պատրաստած աշխարհագրութեան դասագրքին մէջէն մենք կը տեսնէինք Փարիզի Էյֆէլն ու Նիւ Եորքի երկնաքերները: Այսպէս, ծովէն անդիի աշխարհին կը ծանօթանայինք: Ընտանիքէ հեռու էինք, եւ ան մեզ կ՛առաջնորդէր պտոյտներու, Պէյրութի հայկական մշակութային ձեռնարկներուն, համերգներու, ասմունքներու, մարզական խաղերու, կրկէսի եւ շարժանկարի, որպէսզի մեր միտքն ու հոգին աճէր. մեր ապագայի անորոշութեան մտահոգութիւնը կը մեղմէր եւ մեզի կը թելադրէր, որ հաւատարիմ մնանք դպրեվանեան ժառանգութեան:
* * *
Տարիներ ետք Նիւ Եորքի առաջնորդարանին մէջ մեծապէս տպաւորուեցայ իր հրատարակած գրքերէն ու պատրաստել տուած յուշանուէրներուն վրայ տպել տուած արձանագրութենէն` «Իմ անունս է պայքար եւ վախճանս` յաղթանակ»: Իր կեանքը եղաւ համակ աշխատանք, պայքար ու յաղթանակ:
– Ինչո՞ւ եկաք,- ըսաւ մեզի, երբ 1995-ին ընտանեօք կեդրոնական Ֆրանսայէն իրեն այցելեցինք Փարիզի մօտակայքի հիւանդանոցը, իր ունեցած սրտի կաթուածէն ետք:
1998-ի ամրան Մեսրոպ սրբազան Երեւանի օդակայանը եկած էր դիմաւորելու համար Ամերիկայի Արեւելեան թեմի «Տաթեւ» հաստատութեան երիտասարդներու եւ եկեղեցականներու մեր խումբը: Այդ միջոցին, երբ օր մը հօրս հետ Ծաղկաձորէն Երեւան գացեր էինք, տեսանք, որ հոծ բազմութիւն մը Օփերայի շէնքէն դուրս կ՛ելլէր թափօրով` Գէորգ Էմինի դագաղը շալկած, եւ` Մեսրոպ սրբազանը, որ կ՛առաջնորդէր յուղարկաւորները աղօթքով:
2003-ի ամրան Վարդավառի տօնին Էջմիածնի մէջ հանդիպեցայ Տաթեւ եւ Եփրեմ սրբազաններուն, Ղարաբաղի առաջնորդ Պարգեւ սրբազանին եւ այլոց, բայց Մեսրոպ սրբազանը հոն չէր: Իրիկունը, հեռաձայնային զրոյցիս պահուն, Մեսրոպ սրբազանը Երեւան էր: Այդ Վարդավառի տօնին օրը ան Մուղնիի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ պատարագիչն էր: Յաջորդ օրը հանդիպեցայ իրեն Երեւանի Մամուլի շէնքին մէջ իր հաստատած հրատարակչատան գրասենեակը, եւ ան ինծի նուիրեց իր նոր հրատարակած Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» գրաբար հատորը: Զգացի, որ հոն` շէնքին մէջ բոլորը կը սիրէին ու կը յարգէին զինք, երբ վերելակը կը սպասէի, մարդ մը ըսաւ` «Մեսրոպ սրբազանին քովէն կու գա՞ք»:
– Դուք ո՞վ կ՛ըլլաք,- հարցուցի:
– Երեւանի մէջ մէկը կայ որ զիս չի ճանչնար,- ըսաւ հետը վար իջնող կնոջը ժպիտով: Այդ անձը, մեր բոլորիս սիրելի, «Արեգակին պէտք է հեռուից նայել»-ուն հեղինակ, սիրուած ու յարգուած բանաստեղծ Արամայիս Սահակեանն էր:
Ան ամբողջութեամբ նուիրուած էր Աստուծոյ, եկեղեցւոյ, հայութեան, հողին ու մշակոյթին` իբրեւ քարոզիչ, ուսուցիչ, առաջնորդ, գրող, մտաւորական, մշակ, շինող, կազմակերպող, հրատարակիչ, բարերար, մկրտիչ ու մխիթարիչ:
* * *
2003-ին Մեսրոպ սրբազան Հայաստանէն Նիւ Ճըրզի եկած էր իր յարգանքն ու սէրը յայտնելու իր ողբացեալ քեռիին` Սուրէն Փափազեանի յուղարկաւորութեան տխուր առիթով: Քառասունքին ալ ան եկած էր Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին, եւ ես շատ փափաքեցայ, որ ինք քարոզէր այդ օրը, բայց խնդրանքս իրեն յայտնած սարկաւագը գալով` ըսաւ.
– Սրբազանը ըսաւ, որ այսօր ես տէր հայրը պիտի վայելեմ…
Ես այդ օրը շատ կը փափաքէի, որ սրբազանը իր պատգամը տար մեզի ու խօսէր իր հաւատքին ու Հայաստանին, իր գործունէութեան ու տեսիլքներուն մասին:
Քարոզիս մէջ ըսի, թէ Մեսրոպ սրբազանը Հայաստանի մէջ հրաշալի գործեր կը կատարէր…
Յաջորդ օրերուն ուրախ եղանք սրբազանին հետ միասին ըլլալու եւ հանգիստ խօսակցելու: Էջմիածնի մասին հրատարակած չորս լեզուանի հաստափոր իր գիրքը միասին տարինք հրատարակութեան մասնակցած բարերարներուն նուիրելու համար: Ուրախ էր մեզի յայտնելու, որ իր բժշկական քննութեանց արդիւնքները լաւ էին:
– Եթէ ձեզի ի-մէյլ ընենք,- չէ՞ք նեղուիր,- հարցուց երէցկինը:
– Ի-մէյլ ըրէք, բայց չնեղուիք, եթէ չպատասխանեմ,- ըսաւ:
Երբ Երեւանի մէջ առած նկարը տուի իրեն «Պահէ՛ ես շատ ունիմ», ըսաւ սրբազանը:
Անհաւատալին այն էր, որ իր հրատարակած գիրքին առթիւ տեղի ունենալիք շնորհահանդէսին իրիկունը, նոյն պահուն, Նիւ Եորքի մէջ կը կատարուէր իր տան կարգը մայր եկեղեցւոյ մէջ:
* * *
Աստուծոյ այս զաւակը ինչպէ՞ս կրցաւ մինակը այսքան հսկայական բարի գործեր կատարել իր սիրած եկեղեցւոյ ու ազգին համար:
Մեսրոպ սրբազան Աշճեանը սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ հրաշքներ գործեց:
Օրհնեալ ըլլայ եւ յաւէտ ապրի իր յիշատակը: