Կովսականը` Այս Անգամ
ՍԱԼԲԻ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ
Քաշաթաղ, Կովսական… 2012 թուականէն առաջ այս վայրերը հայրենի հողէն, արծուեբոյն Արցախէն պարզապէս շրջաններու անուններ էին, բայց հիմա անոնք ենթագիտակցութեանս, մտքիս ու առօրեային մէջ ունին հսկայ տեղ:
Քաշաթաղը իր լեռնային վայրի բնութեամբ, քարքարոտ անհասանելի ճամբաներով ապրելու տարրական դիւրութիւնները չունենալով հանդերձ, հայրենիքէն հեռու բնակողի մը հոգւոյն մէջ շատ արագ կ՛արթնցնէ պատկանելիութեան, նուիրումի, վերադառնալու եւ, ինչո՞ւ չէ, հաստատուելու մտածումները:
21 տարեկան Քաշաթաղը իր չափազանց դժուարութիւններով ճիգ չի խնայեր զարգանալու ու յառաջդիմելու: Այս մէկը զգալի էր նաեւ Կովսականի մէջ: Տուներու թիթեղեայ տանիքները փոխարինուած էին տոկուն քարերով, հիւանդանոցը նորոգուած էր, ունեցած էին մանկապարտէզ մը, գորգագործարան մը եւ երիտասարդական հաւաքավայր մը: Վերաբնակեցուողին համար Կովսական այլեւս սպասման վայր չէր, Կովսականը դարձած էր իր տունը, ամէն մարդ լծուած էր աշխատանքի, կարծէք բոլորին համար հասկնալի էր այլեւս այդ հողին կարեւորութիւնը:
Զգալի էր հողագործութեամբ զբաղողներուն թիւի աճը: Կովսականցին գիտէր այլեւս իր հողին արժէքը, հասկցած էր, թէ երբ մշակէր այդ հողը, պիտի վայելէր անոր բարիքները, անով պիտի ապահովէր ապրելու նպաստաւոր պայմանները, այդ հողին միջոցով պիտի ամրացնէր իր զաւակին սէրը հայրենիքին հանդէպ, իր մանուկը պիտի հասկնար, թէ հայրենիքը աղքատութիւն ըսել չէ, այդ հողին բարիքները երիտասարդին մտքէն պիտի շոգիացնէր օտար ափերու վրայ տուն շինելու, աշխատելու ու հոն հաստատուելու մոլութիւնը: Պիտի հասկնար, թէ հողը աշխատանքի կը կարօտի, հողը աշխատասէր ձեռքերու կարիքը ունի, ու անտէր, չհերկուած ու չոր հողը ծիլ չի տար:
Կովսականը այս անգամ սրտիս աւելի մտերմիկ էր ու ջերմ, նաեւ` մտածումներուս ու երեւակայութեանս: Այս անգամուան այցելութիւնը յուսահատեցնող չէր, այդտեղ պայքարն ու աշխատանքը կը տիրապետէր եւ ոչ` ծուլութիւնն ու յուսահատութիւն, այս անգամ, ընդհակառակը, կը համապատասխանէր նկարագրութիւններուն ու կարճ տեսերիզներուն, որոնցմով սփիւռքահայը կը յագեցնէ հայրենիքի կարօտի ծարաւը մինչեւ առաջին հանդիպում: Այս անգամ կը նմանէր գրութիւններուն մէջ յիշուած նկարագրութիւններուն: Այս անգամ գեղեցիկ էր, յուսադրիչ ու կեանքով լեցուն:
Այդ համեստ գիւղին մէջ կային ժպտուն դէմքեր, բաւարարուած հոգիներ, աւելի քան ուրիշ որեւէ մէկ տեղ:
Հոն երիտասարդը կը սպասէ ամբողջացնելու իր 18-րդ գարունը` ծառայելու համար բանակին, զայն կը ճամբէին քէֆով: Հայրենիքին համար զոհուիլը, թշնամիին փամփուշտին դէմ կենալը, մութ գիշերներուն սահմանները հսկելը քէֆ էր ու պատիւ իրենց համար: Վստահաբար քէֆ ու ուրախութիւն պիտի ըլլար հերոսներու արիւնով ոռոգուած հողին պաշտպանը ըլլալը ու անոր բնակիչներու խաղաղութիւնն ու ապահովութեան պատնէշ հանդիսանալը:
Շատ լաւ կը յիշեմ բոլորին զայրոյթը, երբ օգոստոս ամսուան ընթացքին թշնամին քանի մը անգամ կրակած ու խախտած էր զինադադարը, բոլորը, մեծէն պզտիկ, պատրաստ էին սահման երթալու ու հայրենիքի համար իրենց կեանքերը նուիրելու. այդպէս էր իրենց մտածողութիւնը, այդ շունչով մեծցած էին, միշտ պատրաստ էին թշնամիին դէմ կենալու:
Այս անգամ տարբեր դիտանկիւնէ կը նայէի Կովսականին, փորձեցի բացատրութիւն գտնել անփոփոխ թերի կողմերուն: Հասկցայ, թէ Կովսականի կամ Քաշաթաղի որեւէ մէկ գիւղի ճամբաները անտեղի քարքարոտ չէին մնացած, այդ ճամբաները կարծես պիտի տաշէին երիտասարդին ոտքերը, որպէսզի մանկութենէն վարժուէր սահմանի դժուար բնութեան: Այդ թաղերը անտեղի առանց լուսաւորման ձգուած չէին, անոնք երիտասարդին պիտի պատրաստէին լուսնի լոյսով փամփուշտները փոխելու, ընկերոջը պաշտպան կենալու, ու թշնամիին հետքերը փնտռելու: Հասկնալի էր այս անգամ, թէ այդ հողին բնոյթը տարբեր էր, հայրենասէրներու ծնունդ կու տար, հայ քաջորդիներ կը կերտէր: Այդ հողը հերոսածին էր: