«Դէպի Երկիր» Գործուղումները Ինչո՞ւ Կարեւոր Են Եւ Ի՞նչ Ձեւով Կրնան Ազդել Գործուղուող ԶՈՄ-ականին Եւ Ճամբարներուն Մասնակցող Պատանիին Վրայ
«Դէպի Երկիր» գործուղումները կարեւոր են, որովհետեւ առիթ կու տան սփիւռքահայուն` ապրելու հայրենիքի մէջ, ոչ որպէս զբօսաշրջիկ, որ կը պտտի Երեւանի լաւագոյն ճաշարանները եւ կը մնայ լաւագոյն պանդոկներուն մէջ: Գործուղուողը կ՛ապրի Արցախ, գիւղի մը մէջ, որ ոչ անպայման լաւագոյն գիւղն է. ընդհակառակը, հոն կրնան ըլլալ ջուրի, գործի, սննդամթերքի դժուարութիւններ: Գործուղուող ԶՈՄ-ականը կ՛ապրի հայ գիւղացիի մը կեանքը, կ՛ապրի Արցախի ժողովուրդին պէս, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, նեղ պայմաններուն եւ անապահովութեան` տակաւին կը տոկայ, տակաւին կ՛աշխատի եւ վառ կը պահէ ապրելու իր տենչը: Ասոր դիմաց, սփիւռքահայը, որ ամէն ինչ ունի իր կեանքին մէջ, անգամ մը եւս արժէքը կը գիտնայ իր ունեցածին, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իր եղբայրներուն, որոնք ճիգ կը թափեն գոյատեւելու հայրենիքի մէջ:
Ուրեմն գործուղուողը աւելի մօտէն պիտի ծանօթանայ հայրենիքին եւ հայրենիքի մէջ ապրող հայերուն, եւ այս մէկը շատ բան կը փոխէ իր մէջ: Ընդհանրապէս այնպէս մը եղած է, որ գործուղուողը յաճախ ուզած է վերադառնալ հայրենիք` կա՛մ կրկին գործուղումի համար, կա՛մ անձնական միջոցներով, կա՛մ ալ կազմակերպութիւններու ճամբով: Եթէ իմ գործուղումիս պարագան առնենք, տարիներէ ի վեր Բերձորի մէջ այսպիսի ամառնային դպրոց մը չէր կազմակերպուած. արդէն այդտեղ երեխաները ընդհանրապէս խաղալու կամ այլ ժամանցի միջոցներ շատ չունին, ուրեմն իրենց համար մեծ ուրախութիւն է, որ սփիւռքահայը իրենց համար եկած է եւ այսպիսի աշխատանքներ կազմակերպած է: Արդէն երեխաներուն ծնողները, ինչպէս նաեւ դպրոցին պատասխանատուները մէկ անգամէ աւելի շնորհակալութիւն յայտնեցին մեզի եւ այնքան ուրախ էին, որ այլեւս իրենց մանուկները փողոցները պիտի չթափառին, այլ դպրոց պիտի գան սորվելու, երգելու, պարելու եւ խմբային աշխատանքներու մասնակցելու: Այս գործուղումը առիթ կու տայ նաեւ այդտեղի երեխաներուն, որ ծանօթանան մեզի եւ գիտնան, թէ միայն մէկ տեսակ հայ չկայ. բերձորցիին, հայաստանցիին կողքին կայ նաեւ սփիւռքահայը. անոնք գիտցան նաեւ, որ սփիւռքը տարբեր երկիրներու ամբողջութիւնն է, եւ բոլոր երկիրներուն մէջ կան հայեր, որոնք պատրաստ են իրենց օգնելու բոլոր միջոցներով:
ՀՐԱԿ ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ
Տասներորդ տարին ըլլալով ԶՈՄ-ը կը կազմակերպէ գործուղումներ: Այս տարի Արցախ գործուղուելէն բացի, ընկերները Հայաստան ալ գործուղուեցան: Այս գործուղումները շատ կարեւոր են, որովհետեւ առիթ կը ստեղծեն, որ արցախցին կամ հայաստանցին եւ ԶՈՄ-ականը իրարու ծանօթանան, գիտնան իրարու մտածելակերպերը եւ գիտնան, թէ ի՛նչ կրնան աւելցնել իրարու կեանքին մէջ: Գործուղուող ընկերը մօտաւորապէս երկու շաբաթ արցախցիին պէս կ՛ապրի, անոր դժուարութիւնները կը դիմագրաւէ:
ԶՈՄ-ականը, որ քաղաքի կեանքին վարժ է, հոն կը տեսնէ, որ ամէն ինչ դիւրին չէ: Հոն գործէն կամ դպրոցէն ետք երիտասարդը շատ բան չունի ընելիք. ժամանցի առիթներ չկան Արցախի մէջ: Գործուղուող ընկերը կը փորձէ կարելի եղած չափով ուրախացնել արցախցի մանուկները, կը փոխէ անոնց առօրեան, որովհետեւ անոնք կը սպասեն այսպիսի առիթի մը: Կարելի է նշել, որ անոնք ամէնէն փոքր բանով իսկ կ՛ուրախանան: Գործուղումը առիթ կը ստեղծէ ԶՈՄ-ականին` կապ հաստատելու հայրենիքին եւ այդտեղի բնակչութեան հետ: Ես առաջին անգամ ըլլալով գացի Արցախ, եւ հողը շատ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ վրաս: Անպայման կրկին կ՛ուզեմ այցելել Արցախ, մանաւանդ` իմ գործուղուած վայրս եւ տեսնել, թէ բան մը կրցա՞յ փոխել այդտեղի մանուկներուն մէջ: Այդտեղի մանուկերը շատ հետաքրքրուած են մեզմով. կը զգան, որ չեն անտեսուած եւ կը գիտակցին, որ սփիւռքահայը հետաքրքրուած է իրենցմով: Անոնք նաեւ փափաք յայտնեցին, որ սփիւռքահայերը միշտ այցելեն Արցախ եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ հաստատուին հոն: Կ՛ուզեմ աւելցնել նաեւ, որ Բերձոր երթալովս ծանօթացայ տիպար, բարոյականի տէր եւ շատ օրինակելի դաշնակցականի մը եւ շատ հպարտ եմ այս ծանօթացումով:
Յ. Ն.
«Դէպի Երկիր» գործուղումներուն կարեւորութիւնը առաջին հերթին սփիւռքահայ երիտասարդին եւ արցախցի կամ հայաստանցի պատանիին միջեւ կապի հաստատումն է, մանաւանդ ուղղակիօրէն շփում ունենալն է:
Հայաստան բնակող մեր հայրենակիցները, մանաւանդ պատանիները, դժուարութիւն ունին հասկնալու, թէ ինչո՛ւ հազարաւոր հայեր կ՛ապրին Հայաստանէն դուրս: Այսպիսի հարցումներ շատ կը հարցուին ճամբարի ընթացքին, եւ միակ պատասխանելու ձեւը, որ պատանին կը գոհացնէ, ուղղակիօրէն բացատրութիւնն է գործուղուող սփիւռքահայ երիտասարդին կողմէ, որովհետեւ պատանին որքան ալ պատկերասփիւռ դիտէ կամ թերթ կարդայ, շօշափելի փաստը ա՛լ աւելի կ՛ազդէ իր վրայ:
Պատմութեան պահերուն տասնեակ հարցեր կու տային ինծի, օրինակ` արդեօք ծնողներս հա՞յ են, արդեօք հայկակա՞ն վարժարան յաճախած եմ, թէ՞ օտար, ծնողքիս հետ տան մէջ հայերէ՞ն կը խօսիմ, թէ՞ օտար լեզու, ծնողներս ինչպէ՞ս իւրացուցած են հայերէնը, ունի՞մ շատ հայ ընկերներ, ո՞ր երկիրը կը սիրեմ աւելի, Հայաստա՞ն, թէ՞ Լիբանան, կ՛ուզե՞մ Հայաստան հաստատուիլ եւ այլն. արդէն ճամբարը եւ գործուղուողները ինքնին այս հարցումներուն պատասխանը կը կազմեն` բացատրելով, որ մենք ալ նոյնքան հայ ենք, մենք ալ կը խօսինք հայերէն մեր տուներէն ներս եւ դուրս, նոյնիսկ եթէ մեր խօսածը արեւմտահայերէն է. մենք ալ իբրեւ սփիւռքահայ` կը սիրենք Հայաստանն ու Արցախը, մենք ալ մասնակցած ենք արցախեան պատերազմին եւ ունեցած ենք նահատակ ընկերներ` Վիգէնին ու Մհերին նման: Անոնց բացատրեցինք Ցեղասպանութեան մասին. բացատրեցինք, որ սփիւռքահայը չէ արտագաղթած գործի կամ ուսման պատճառով, այլ թուրքին սուրին տակ իյնալով, քալելով Հայաստանէն հասած է Տէր Զօր, Սուրիա, ապա Լիբանան եւ տարածուած` աշխարհի չորս կողմը: Այս պատասխանները արդէն բաւական գոհացուցիչ կ՛ըլլան պատանիին համար` փաստելու սփիւռքահային հայրենասէր ըլլալը:
Իբրեւ գործուղուող` ես շատ բան սորվեցայ այս գործուղումէն. օրինակ` 9 տարեկան պատանիին` Լութֆիկին հայրենասէր ըլլալը. երբ զբօսանքի պահուն կը տողանցէր զինուորի մը պէս, անոր հարցուցի. «Կ՛ուզե՞ս բանակ երթալ, երբ մեծնաս». անոր պատասխանը եղաւ. «Բա ի՞նչ, մենք պիտի ծառայենք, որ մեր մայրերն ու տատիկները հանգիստ քնեն»: Պահ մը լուռ, աչքերս ջրոտած, բերանս բաց` սառեցայ, ուզեցի գրկել ու համբուրել Լութֆիկը. երբ Լիբանան վերադարձայ, այս էր առաջին դէպքը, որուն մասին պատմեցի պատանիներուն:
Չէի գիտեր, թէ Հայաստանի պատանիները իսկապէս կը սիրեն սփիւռքահայը, մինչեւ այն ատեն որ միամտօրէն մօտ 10 անգամէ աւելի ըսին «Հաւաքեցէ՛ք ձեր ընկերները եւ եկէ՛ք Հայաստան. մենք ձեզ կու տանք մեր տուներն ու անկողինները. հոս կ՛աշխատիք եւ կ՛ուսանիք»:
ՆԱՆԱՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Անյայտ կորսուած արցախեան ազատամարտիկ Կարօտ Մկրտչեանին մասին տեսերիզ մը դիտելէն ետք 11 տարեկան Մանէն կը մօտենայ եւ երկար մտածելէ ետք կը հարցնէ.
«- Ընկե՛ր Արեւիկ, Կարօտը 1864-ի՞ն էր ծնուել, թէ՞ 1964-ին:
– 1964-ին:
– Ուրեմն հիմա 50 տարեկան կը լինի:
– Այո՛:
– Դէ՛, գնանք, մա՛ն գանք (ըսել կ՛ուզէ` «երթանք զինք փնտռենք»):
– (ժպիտ)»:
Այս եւ նման դէպքեր են, որ գործուղումի երկու շաբթուան ընթացքին կը լեցնեն սիրտդ: Որքան ալ մանր թուին անոնք, իրապէս հոգեկան մեծ գոհունակութիւն կու տան քեզի եւ կը դառնան գործուղումէն ծագած բազմաթիւ միւս պատճառներէն մէկը, որ քեզ կը մղեն դարձեալ երթալու Հայաստան եւ հաղորդակցելու տեղի ժողովուրդին հետ, մոռնալու զբօսաշրջական Հայաստանը, ցուցափեղկ Երեւանը, եւ հետաքրքրուելու ապրող ժողովուրդով, անոնց մշակոյթով, առօրեայով: Բնականաբար տեսարժան վայրերը տեսնելը, համով կամ անհամ ճաշերը ուտելը, յուշանուէրներ գնելը իրենց դերը ունին հայրենիքի հետ կապի ամրապնդման մէջ: Բայց այդ կապը կը մնայ մակերեսային, եթէ առօրեայ կեանքին մէջ յարաբերութիւն չմշակուի, եթէ իրարու հասկնալու փորձեր չըլլան, եթէ իրարու կեանքերուն մէջ ներդրումներ չըլլան: Եւ այս բոլորին առիթն է, որ կու տան «Դէպի Երկիր» ճամբարները:
ԱՐԵՒԻԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ