«Ազատ Արցախը Ողջունում Է Ձեզ»
ՆԱՆՈՐ ՊԱԼԱՊԱՆԵԱՆ
Հանրակառքին մէջ ենք` դէպի հերոսական Արցախ: Կիզիչ արեւը իրեն հետ կը բերէ քունս: Շուրջս կը նայիմ, ընկերներս ալ կէս քուն-կէս արթուն են: Կը պայքարիմ քունիս դէմ: Կ՛ուզեմ ամբողջ ճամբուն ընթացքին արթուն մնալ, ոչ մէկ տեսարան փախցնել, ուշի ուշով դիտել եւ մտքիս մէջ դրոշմել այդ բոլոր շքեղ պատկերները:
Չորս կողմս դալար ծառեր են… անվերջ ու անծայրածիր, աննկարագրելի տեսարան… կարծես Աստուծոյ գծագրած մէկ պատկերը ըլլայ: Քունս նորէն կ՛այցելէ, բայց դարձեալ կ՛արթննամ եւ կը դիտեմ շուրջս:
Արդէն իսկ բնութիւնը խաղաղութիւն եւ հանգստութիւն ներշնչած էր: Վարորդը կը յայտարարէր, թէ քանի մը քիլոմեթրէն կը հասնինք: Կը սթափիմ եւ անհամբեր կը սպասեմ, հեռուէն արդէն կը յայտնուի ծանօթ պատկեր մը` «Ազատ Արցախը ողջունում է ձեզ»:
Վերջապէս Արցախի հողին վրայ ենք: Բերկրանքի, հպարտութեան եւ երախտապարտութեան վեհ զգացումներ տիրած էին հոգիիս վրայ: Հերոսներու հողին վրայ էի, արի հերոսներուն, որոնց համար հայրենիքի սէրն ու անոր ազատութիւնը ամէն բանէ բարձր էր, նոյնիսկ իրենց կեանքէն, որպէսզի «Ազատ Արցախը ողջունէր մեզ»:
Շարունակելով մեր ուղեւորութիւնը` հասանք Բերձոր, ու ընկեր Սամուէլը մեզ դիմաւորեց: Հոն գիշերեցինք եւ յաջորդ առաւօտ ճամբայ ելանք դէպի Կովսական: Քարքարոտ, երկար եւ անհասանելի ճամբան կ՛ընկերակցէր մեզի մեր ուղեւորութեան ընթացքին` դժուարացնելով վարորդին պարտականութիւնը: Ան ղեկը աջ ու ձախ կը դարձնէր ազատելու համար խոշոր փոսերէ: Ինքնաշարժը գրեթէ կը ցատկռտէր: Սագոն, Սալբին եւ ես նստած էինք ինքնաշարժին ետեւը` գիրկերնիս եւ ոտքերնուս քով լեցուցած մեր պայուսակներն ու առարկաները: Սալբին` բջիջայինը դէպի պատուհան յենած, կը փորձէր կապ գտնել, իսկ Սագոն ձեռքը ունէր երկու «սառը քոֆէ»` տրամադրուած վարորդին կողմէ, ինքնաշարժին հետ անոնք նոյնպէս կը ցատկռտէին:
Այս վիճակին մէջ գրեթէ անշարժ պիտի մնայինք մօտ 4-5 ժամ մինչեւ հասնէինք Կովսական` մեր գործուղումի վայրը:
Կը մտածէի … «Արդեօք իրա՞ւ պիտի հասնինք Կովսական, հոն ինչպէ՞ս պիտի ըլլար վիճակը: Գիւղացիները եւ փոքրիկները ինչպէ՞ս պիտի ընդունէին մեզ: Պիտի կարենայի՞նք շաղուիլ իրենց հետ եւ համակերպիլ անոնց առօրեային, թէ պիտի մնայինք անոնցմէ հեռու եւ դժուար ըլլար շփուիլը անոնց հետ»:
Կը նայէի դիմացս, ճամբան վերջ չունէր: Ամէն անգամ որ վարորդին հարցնէինք, թէ ե՞րբ կը հասնինք, կը պատասխանէր. «Ոչինչ, մի քառասուն րոպէից արդէն հասնելու ենք»: Իրեն համար սովորական էր ճամբան, իսկ իր քառասուն րոպէն մեր մէկուկէս ժամն էր:
Անցած էր 4-5 ժամ, երբ արդէն կը նշմարէի գծագրուած գեղեցիկ պատկեր մը: Լեռները բնութեան շնորհած շարքով կանգնած էին իրարու ետին: Առաջին շարքինները մխրճուած ըլլալով Արցախի հողին մէջ` ստացած էին անոնց գոյնը, իսկ ետեւինները կը փորձէին հասնիլ դէպի անծայրածիր հորիզոն հոն ձգելով միայն իրենց շուքն ու խորհուրդը:
Սալբին կ՛ըսէր. «Նայեցէ՛ք … այս տեսարանը ամէնէն սիրածս է»: Այո՛, այդպիսի տեսարան որքան ալ նկարագրուի, մարդ պէտք է իր աչքերով տեսնէ, որ ըմբռնէ անոր գեղեցկութիւնն ու խորհրդաւորութիւնը: Երկար սպասումէ ետք վերջապէս հասանք Կովսական: Ջերմ եւ սիրալիր ընդունելութիւն ստացանք ընկեր Կարէնէն, Հրաչէն եւ բոլոր Տօնապետեան ընտանիքէն, Թաթուլ Կրպէյեան դպրոցի տնօրէնէն եւ ինչպէս նաեւ հոն գաղթած եւ հաստատուած սուրիահայերէն:
Ճամբարին արդէն քանի մը օր անցած էր: Գրեթէ ամէն բան հեզասահ կ՛ընթանար: Պարտականութիւնները կը բաժնուէինք մեր երեքին միջեւ: Օրական հերթականութեամբ իւրաքանչիւրս կը ստանձնէր փոքրիկներու մէկ խմբակ: Այդ օրը ես ստանձնած էի «Խանասոր» խմբակը, որ ամենափոքր տարիքով երեխաներու խմբակն էր (4-7 տարեկան):
Նկարչութեան պահն էր: Երեխաներուն խոստացած էի «տիպ» (բարենիշ), եթէ հնազանդ ու խելօք ըլլային եւ գեղեցիկ նկարներ գունաւորէին: «Տիպ»-ը տարօրինակ ազդեցութիւն ունի Արցախի փոքրիկներուն վրայ: Անոնք երբ «տիպ» լսեցին, ուրախացան, ցատկռտեցին եւ հապճեպով սկսան գունաւորել իրենց գծած պատկերները: Տասը վայրկեան չանցած արդէն բոլորը աւարտած էին իրենց գծագրութիւնները: Կը փորձէի զանոնք շարքի կեցնել, որպէսզի իւրաքանչիւրը կարգով ստանար իր տիպը, սակայն ի զուր:
Անոնք աշխուժացած էին եւ տի՜պ կը բացագանչէին: Պայուսակէս հանեցի տիպերը եւ նոյն վայրկեանին իսկ փոքրիկները պաշարեցին զիս. կը քաշքշէին շապիկիս ծայրէն… «ընկեր Նանոր, … ե՛ս…ե՛ս»: Կը խնդրէի, որ իւրաքանչիւր ստացող երթար եւ իր տեղը նստէր, բայց ո՜վ էր լսողը…
Անոնք կը ստանային իրենց տիպերը. քանի մը վայրկեան կ՛երթային լուռ ու մունջ կը նստէին, յետոյ կը վերադառնային` խնդրելով երկրորդ տիպ մը եւ նոյնիսկ երրորդ մը…
Այդ վայրկեանին նշմարեցի երկու փոքրիկ աղջիկներ, որոնք ձեռք ձեռքի ինծի կը մօտենային: Անոնցմէ մէկը Անիքոնն էր, Աբրահամեաններու պզտիկ քոյրը: Լուռ եւ հնազանդ, կանաչ խոշոր եւ խօսուն աչքերով թշեղ դէմքով քաղաքավար այդ 4-5 տարեկան աղջնակը, իսկ միւսը իր ընկերուհին էր` Հռիփսիմէն: Անիքոն մօտեցաւ եւ իր քնքուշ ու մեղմ ձայնով յայտնեց, թէ Հռիփսիմէն տիպ չէր ստացած:
Այս փոքրիկը ապշեցուց զիս: Մինչ բոլորը կը ցանկային ունենալ երկրորդ եւ երրորդ տիպ, Անիքոն կը մտածէր իր ընկերուհիին մասին, որ տակաւին տիպ չէր ստացած:
…Աբրահամեանները օրէ օր ուշադրութիւնս կը գրաւէին:
Անոնք բազմազաւակ ընտանիք մըն էին, ինչ որ պատճառ կը դառնար, որ բաւական խեղճ պայմաններու մէջ ապրին, մանաւանդ որ անոնց հայրը հազիւ օրուան ապրուստը կրնար ապահովել` նկատի ունենալով, որ բերքն ալ միշտ լաւ չէր ըլլար, եւ երբեմն վիճակը կը դարձնէր աւելի վատ: Հակառակ այս բոլորին` Աբրահամեանները միշտ ժպտուն, ուրախ եւ գոհունակ էին: Ամէնէն չնչին բաներն անգամ անոնց ուրախութիւն կը պատճառէին:
… Օր մը Անիքոն ներկայ չէր ճամբարին: Ընկերուհիները յայտնեցին, թէ անոր կօշիկները «պոկուած էին» եւ այդ պատճառով չէր կրցած գալ: Անոր քոյրերն ու եղբայրները բնաւ չգանգատեցան. իրենց ցաւը չյայտնեցին: Մնացին ժպտադէմ եւ միշտ լաւատես: Անիքոյին երկու քոյրերը` Վարդուհին եւ Սոնան, չարքաշ արցախցիի նկարագիրը կը մարմնաւորէին: Անոնք միշտ պատրաստ էին մեզի օգնելու: Գրասեղաններն ու աթոռները կը շտկէին, մեզի կ՛օգնէին դասարանները մաքրելու եւ հաւաքելու: Ուշի ուշով մտիկ կ՛ընէին ՀՅԴ պատմութեան մասին դասախօսութիւնները, շատ արագ կ՛ըմբռնէին տրուած գիտելիքներն ու երգերը: Կը սիրէին զարգացումը, երգն ու պարը: Ամէնէն կոկիկ եւ ամէնէն գեղեցիկ ձեռային աշխատանքները կը պատրաստէին:
Անոնց փոքր եղբայրը` Աբրահամը, իր կարճ հասակով եւ նիհար կազմով, սակայն հաստ ձայնով միշտ խանդավառ կը պահէր մթնոլորտը: Դասապահերու աւարտին, երբ արդէն մեկնելու ժամը կ՛ըլլար, ան մեզմէ կը խնդրէր, որ գրենք դասապահի ընթացքին երգուած յեղափոխական երգերուն բառերը, որ իրեն հետ տուն տանի շարունակէ երգել եւ ճամբարի աւարտին ան լաւապէս հարստացուցած էր իր երգի պաշարը:
Աբրահամեանները եւ անոնց նման փոքրիկներ Արցախի ապագայ սերունդն են: Անոնց երեխայի աշխարհը տարբեր էր շատ մը փոքրիկներու աշխարհէն: Անոնք չունին գեղեցիկ եւ նորաձեւութեան համաձայն հագուստներ կամ բջիջայիններու վերջին տարբերակներ: Ընդհանրապէս չունին համակարգիչ եւ համացանցի դրութիւն: Անոնց զբաղումները սահմանափակուած են գիրք կարդալով, զրուցելով, ազգագրական պարեր պարելով, երգելով, գետ այցելելով, ծնողքին օգնելով արտերը ցանելու եւ հնձելու ժամանակ:
Այս գանձն էր, որ կարելիութիւնը ունէիր տեսնելու Արցախի երեխային մտային եւ հոգեկան աշխարհին մէջ: Կեանքը պարզ էր, այո՛, բայց նաեւ լեցուն բարձունքներով եւ հայրենասիրութեան վեհ զգացումներով:
… Ցաւօք սրտի ճամբարը աւարտած էր: Յուզմունքով ձգեցինք Արցախը, սակայն վստահ էինք, որ անպայման պիտի վերադառնայինք իր մօտ: Ճամբայ ելած էինք Արցախէն հասնելու Հայաստան:
Կը շրջէինք Երեւանի շքեղ փողոցներու մէջ, ինչպէս նաեւ այցելութիւններ կ՛ունենայինք Արցախեան ազատագրական պայքարի ընթացքին նահատակուած ազատամարտիկներէն Կարօտի, Պետոյի ինչպէս նաեւ Հրաչ Մուրատեանի բնակարանները:
Հանդիպումի նախօրեակին կազմած էինք այդ կարծիքը, թէ ազատամարտիկներու ծնողներու հետ հանդիպումը պիտի ընթանար տխուր, ցաւալի եւ յուսալքուած մթնոլորտի մէջ: Սխալած էինք: Ազատամարտիկներու ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ հպարտ էր իր զաւկի գերագոյն զոհողութեամբ: Անոնց աչքերուն մէջ կ՛եռար յեղափոխութեան, ազատութեան, հայրենասիրութեան աննկարագրելի զգացումները:
Ահաւասիկ դրոշմուած էր մտքիս մէջ Կարօտի հօր խօսքերը. «Օտարի համար չ՛արժեր քար քարի վրայ դնել, հայրենիք կու գամ, հոս կ՛աշխատիմ, նոյնիսկ կը նահատակուիմ, աւելի պատուաւոր է»:
… Ճամբարէն վերադարձած էինք:
Մեր գործուղումը յաջող աւարտ ունեցած էր:
Արցախը անգամ մը եւս եկած էր ամրապնդելու եւ շեշտելու այդ համոզումը, որ ինք միշտ կը սպասէ համայն հայութեան այցելութեան եւ բնակչութեան` իր բարեբեր հողին վրայ: Այդ հողը, որուն վրայ մարդկային յարաբերութիւնները գնահատուած եւ յարգուած են, այդ հողը, ուր իւրաքանչիւր հայ անհատի կը յիշեցնէ, որ առանց Արցախի անկարելի է հայութեան գոյատեւումը, որովհետեւ ան միշտ պիտի կատարէ ներշնչողի եւ ազատագրողի դերը համայն հայութեան համար: