ՄԱՐՈՔԻ ՄԷՋ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՕԴԱՆԱՒ ՄԸ ՋԱԽՋԱԽՈՒԵՑԱՒ

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով մարոքեան իշխանութիւնները, կը հաղորդէ, որ Հարաւային Մարոքի մէջ «Լոքհիտ Սի-130 Հերքուլզ» տիպի զինուորական օդանաւի ջախջախման պատճառով 78 զոհ արձանագրուեցաւ:

Օդանաւը բախած է Մարոքի մայրաքաղաք Ռապաթէն 700 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Կուլիմի քաղաքին մօտ գտնուող լերան:

Կը հաղորդուի, որ օդանաւը 81 ճամբորդ կը փոխադրէր:

Share this Article
CATEGORIES