ՊԱՔՈՒ ԱՌԱՅԺՄ ԿԸ ԲԱՑԱՌԷ ԹՈՒՐՔԻԱ-ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԱՊՐԱՆՔԻ ԱԶԱՏ ՇՐՋԱՆԱՌՈՒԹԻՒՆԸ

Ազրպէյճանի տնտեսական զարգացման նախարար Շահին Մուսթաֆայեւ թրքական «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ յառաջիկային Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ապրանքի ազատ շրջանառութիւնը բացառուած է:

Նշելով, որ Պաքու Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ կնքուելիք ապրանքի ազատ շրջանառութեան մասին համաձայնագիրին զգուշութեամբ պիտի մօտենայ, Մուսթաֆայեւ ըսած է. «Կը կարծեմ, որ ատոր համար որոշ ժամանակ պիտի պահանջուի: Մեր ազգային ընկերութիւնները պէտք է կարելիութիւն ունենան ամրապնդելու իրենց դիրքերը»:

Շահին Մուսթաֆայեւ ընդգծած է, որ ներկայ պահուս Ազրպէյճանի համար առաջնահերթութիւնը ներքին արտադրութեան զարգացումն է:

Share this Article
CATEGORIES