Ազրպէյճան Եւ Թուրքիա` Աշխարհի Մէջ Ամէնէն Շատ Լրագրողներ Ձերբակալած Երկիրներու Տասնեակին Մէջ

1217_CPJ«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէն 17 դեկտեմբերին հրապարակած է ձերբակալուած լրագրողներու թիւով աշխարհի վրայ յառաջատար երկիրներու ցուցակը, որուն մէջ Ազրպէյճան եւ Թուրքիա նշուած են առաջին տասնեակին մէջ:

Կոմիտէն յայտնած է, որ 2014-ին աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ 220 լրագրող կը գտնուի բանտերու մէջ: 2013-ի համեմատ, 2014-ին ձերբակալուած լրագրողներուն թիւը 9-ով աւելցած է:

Զեկուցումին առաջին տասնեակին մէջ նշուած են Չինաստանը, Էրիթրիան, Եթովպիան, Իրանը, Վիեթնամը, Սուրիան, Եգիպտոսը, Պուրման, Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան:

Լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէն այսպիսի զեկուցում սկսած է հրապարակել 1990-էն ի վեր: Զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ ներկայիս Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ 9 լրագրող կայ, որոնցմէ 4-ը պետական մամուլին այլընտրանք ստեղծելու համար գրած են ընկերային ցանցերուն վրայ: Անոնք ձերբակալուած են Դիմատետրի վրայ խումբեր ստեղծելու եւ կառավարելու յանցանքով: Այդ գործիչները մեկնաբանութիւններ հրապարակած են մարդու իրաւունքներու խախտումներուն եւ պետական մակարդակով փտածութեան մասին:

Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը հերքեն երկրին մէջ խօսքի ազատութեան իրաւունքը խախտելով որեւէ լրագրող կամ գործիչ ձերբակալելու փաստը եւ կը նշեն, որ դատապարտեալները պատիժ կը կրեն իրենց կատարած յանցագործութիւններուն համար:

Share this Article
CATEGORIES