Էրտողան. «Եւրոպական Միութիւնը Իրաւունք Չունի Թուրքիոյ Ժողովրդավարութիւն Սորվեցնելու»

Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չորեքշաբթի օր յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը չի կրնար «ժողովրդավարութեան դասեր տալ» Թուրքիոյ, որ ի՛նք կրնայ «այդպիսի դաս տալ»:
Թուրքիոյ նախագահին Պրիւքսէլի հասցէին կատարած կտրուկ արտայայտութիւնները արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով կը հնչեն շաբթուան ընթացքին` ի պատասխան Անգարայի գործողութիւններուն նկատմամբ Եւրոպական Միութեան խիստ քննադատութիւններուն: Եւրոպական Միութիւնը քննադատած էր թրքական ոստիկանութեան գործողութիւնները, երբ անցեալ կիրակի ձերբակալուած էր աւելի քան քսան մարդ, ներառեալ` յայտնի լրագրողներ:
Ձերբակալուածները կ՛ենթադրուի, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող իսլամ քարոզիչ Ֆեթհոլլահ Կիւլենի «Հիզմեթ» շարժումին հետ կապ ունենան: Թուրքիոյ իշխանութիւնները Կիւլենը կը մեղադրեն կառավարութիւնը տապալելու համար ցոյցեր կազմակերպելու եւ երկրին ղեկավարները անօրինաբար գաղտնալսելու յանցանքով:

