Եւրոպական Խորհրդարանը Վաւերացուցած Է Եւրոպական Միութեան Հետ Վրաստանի Ընկերակցութեան Համաձայնագիրը

1218_Georgia-EUNewsGeogia.ru կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանը երէկ վաւերացուցած է Եւրոպական Միութեան հետ Վրաստանի ընկերակցութեան համաձայնագիրը:

Համաձայնագիրին կողմ քուէարկած է 490 երեսփոխան, դէմ` 76, ձեռնպահ մնացած է 57 երեսփոխան:

Համաձայնագիրին վաւերացման ներկայ գտնուած են նաեւ Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի, արտաքին գործոց նախարար Թամար Պերուչաշվիլի, Վրաստանի խորհրդարանի երկու երեսփոխան:

Բացի ատկէ, փաստաթուղթի ստորագրումին ներկայ եղած է Վրաստանի նախկին նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի, որ Սթրազպուրկի մէջ տեղի ունեցած այդ իրադարձութեան հրաւիրուած էր կառոյցի մեծագոյն կուսակցութեան`  Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան կողմէ: Եւրոպական Միութեան հետ Վրաստանի ընկերակցութեան համաձայնագիրին վերաբերեալ բանակցութիւնները սկսած են Սահակաշվիլիի նախագահութեան օրով:

Վրաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ընկերակցութեան մասին համաձայնագիրը ստորագրուած է այս տարուան 27 յունիսին` Պրիւքսէլի մէջ: Փաստաթուղթը ամբողջութեամբ ուժի մէջ պիտի մտնէ, երբ զայն վաւերացնեն Եւրոպական Միութեան բոլոր անդամ երկիրներուն խորհրդարանները:

Share this Article
CATEGORIES