Վենեզուելայի Նախագահը Հաստատած Է Միացեալ Նահանգներու Հետ Երկխօսութիւնը Շարունակելու Պատրաստակամութիւնը

Նիքոլաս Մատուրօ

Նիքոլաս Մատուրօ

«Քորրեսփոնտընթ» կը հաղորդէ, որ Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ Արժանթինի մէջ Հարաւամերիկեան ընդհանուր շուկայի վեհաժողովին ընթացքին հաստատած է իր երկրին պատրաստակամութիւնը` Միացեալ Նահանգներու հետ քաղաքական երկխօսութիւնը շարունակելու:

«Մենք պիտի շարունակենք փնտռել ուղիներ, որոնք պիտի տանին դէպի ատոր, որ մեր յարաբերութիւնները դրացի հսկային հետ անհրաժեշտ ուղղութեամբ ընթանան», յայտարարած է Մատուրօ` նշելով, որ երկխօսութիւն հաստատելու համար Միացեալ Նահանգներ պէտք է յարգանք դրսեւորեն Վենեզուելայի նկատմամբ:

Ան ողջունած է Միացեալ Նահանգներու` Քուպայի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերականգնելու որոշումը:

«Ես շատ երջանիկ եմ, պէտք է խոստովանիլ, որ նախագահ Օպամայի կողմէ ատիկա տղամարդկային ժեսթ եղած է, հաւանաբար ամէնէն կարեւորը` անոր ամբողջ կառավարման ընթացքին», ըսած է Մատուրօ:

Share this Article
CATEGORIES