«Մեր Ներկայ Ճգնաժամը Խրիմի Պատճառով Չէ, Այլ` Մեր Գերիշխանութիւնը Պահպանելու Մեր Փափաքին» Կ՛ըսէ Փութին

Վլատիմիր Փութին
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Ուքրանիոյ մէջ սպաննուած լրագրողները զինեալներ չէին` նշելով, որ ռուսական կողմին մօտ կան գերեվարուած ուքրանացի զինուորներ, որոնք ահաբեկչական հարցերու շուրջ հետաքննութեան կ՛ենթարկուին: Ան ընդգծեց. «Քիեւի իշխանութիւնը տեղի ունեցած յեղաշրջումէն ետք ինք էր, որ երկրին արեւելքը սկսաւ զինուորական գործողութեան»:
Փութին կոչ ուղղեց համապարփակ, ամբողջական ու թափանցիկ երկխօսութեան եւ յոյս յայտնեց, որ Ուքրանիոյ տարածքը ամբողջովին կը վերամիաւորուի` աւելցնելով. «Այն ինչ որ Քիեւի իշխանութիւնները արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ կը կատարեն, բռնաճնշումի գործողութիւն է»` նշելով. «Տագնապը պէտք է լուծել քաղաքականապէս, ըստ միջազգային օրէնքի եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին»:
Ռուսիոյ նախագահը շեշտեց. «Մեր ներկայ ճգնաժամին պատճառը Խրիմը չէ, այլ` մեր գերիշխանութիւնն ու մշակոյթը պահելու մեր բնական փափաքը»:
Փութին յայտարարեց, որ Ռուսիա 2014-ին 1,2 եռիլիոն ռուբլիի շահ ապահոված է, եւ այս տարուան վերջաւորութեան տնտեսական աճը 0,6 առ հարիւր պիտի ըլլայ: «Ելեւմտական կացութիւնը պիտի լուծենք առանց անտեսելու մեր պահեստները, որոնք բարձրացան 7,3 եռիլիոն տոլարի: Մեր ընկերային բոլոր պարտաւորութիւնները պիտի կատարենք` հիմնուելով մեր պահեստներուն վրայ», ըսաւ ան` նախատեսելով, որ ներկայ կացութիւնը ներկայ վիճակով պիտի չշարունակուի, իսկ տնտեսութիւնը ամէնէն ուշը երկու տարիէն դուրս պիտի գայ ճգնաժամէն: Փութին նշեց, որ գոյութիւն ունի այն կարելիութիւնը, որ քարիւղի գիները առաւել եւս նուազին:
Ռուսիոյ նախագահը ըսաւ, որ արտաքին ազդակները, նախ եւ առաջ քարիւղի գինը, տնտեսական ներկայ դժուար կացութեան եւ ազգային դրամանիշի անկումին գլխաւոր պատճառներն են:
Լուքաշենքօ Կը Պահանջէ, Որ
Ռուսիան Իր Երկրին Վճարէ Կայուն
Դրամանիշով Եւ Ոչ Թէ Ռուբլիով
«Օպոզրեւաթել» կը հաղորդէ, որ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ պահանջած է Ռուսիոյ հետ հաշուարկներ իրականացնել տոլարով կամ եւրոյով:
«Կառավարութեան առջեւ խնդիր դրուած է վաճառել ոչ թէ ռուբլիով, այլ` տոլարով, որովհետեւ մենք ուժանիւթի համար կը վճարենք ոչ թէ ռուբլիով, այլ` տոլարով: Ատիկա, ի դէպ, Ռուսիոյ հետ մեր կառավարութեան աշխատանքի թերութիւնն է», ըսած է ան:
Ըստ անոր, պէտք էր աշխատիլ եւ պահանջել, որ անոնք վճարէին կայուն դրամանիշով` տոլարով կամ եւրոյով:
Տաճիկները Զանգուածաբար
Կը Լքեն Ռուսիան
«Օպոզրեւաթել» կը հաղորդէ, որ Տաճիկիստանի աշխատանքային ներգաղթեալներու համառուսական շարժումի նախագահ Քարոմաթ Շարիփով յայտնած է, որ Տաճիկիստանէն աշխատանքային ներգաղթեալները կը հեռանան Ռուսիայէն` ռուբլիի փոխարժէքի անկումին պատճառով:
«Մեր մարդոց հիմնական զանգուածը մտադիր է մեկնիլ հայրենիք եւ չվերադառնալ Ռուսիա, չէ՞ որ այսօր ռուսական 1000 ռուբլին Տաճիկիստանի մէջ կ՛արժէ շուրջ 65 սոմոնի, իսկ նախապէս 126-130 սոմոնի էր», յայտարարած է Շարիփով:
Ըստ անոր, ներգաղթեալներուն չեն վճարուած աշխատավարձերը, միայն Մոսկուայի մէջ Տաճիկիստանի քաղաքացիներուն չէ վճարուած աւելի քան 1 միլիառ ռուբլի:

