Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԵՐՔԻՆ Ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հերքեց այն շշուկները, թէ Պէյրութի միջազգային օդակայանը մօտերս թիրախ պիտի դառնայ ահաբեկչական գործողութեան մը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ այցելեց մարոնի եկեղեցւոյ Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ այս առիթով անհաւանական նկատեց նախագահի մօտալուտ ընտրութիւնը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մէկ պատուիրակութիւնը երէկ ցաւակցական այցելութիւն տուաւ նախկին նախագահ Միշել Սլէյմանի, որ շեշտեց միջլիբանանեան երկխօսութեան կարեւորութիւնը
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ազհարի մէջ (Գահիրէ) ահաբեկչութեան դէմ համագումարին մասնակցած քրիստոնեայ անձնաւորութիւններ մահուան հեռաձայնային սպառնալիքներ ստացած են իրենց Եգիպտոս գտնուած միջոցին:
ՏԸՔՈՒԱՆԷի, Սին էլ Ֆիլի, Ֆըրն Շպպեքի, Այն Ռմմենէի, Շիահի, Հազմիէի, Արայյայի, Քահհալէի եւ այլ մերձակայ շրջաններու քաղաքապետներ յուշագիրով մը նախարարաց խորհուրդին յայտնեցին, թէ իրենք կը մերժեն կառավարութեան նիստի օրակարգին վրայ եղող աղբակոյտերու ծրագիրի առաջարկը` առարկելով, որ աղբակոյտերու դասաւորումը քաղաքապետութեանց լիազօրութեան մէջ է, ըստ նահանգի կանոնագիրին թիւ 13 եւ 17 յօդուածներուն:
ՄԱԶՈՒԹի գայթակղութեան հարցով, ներքին ապահովութեան ուժեր արգելափակած են հազարապետ Ա.Պ.-ն` հետեւելով ելեւմտական հարցերու դատախազի հրամանագիրին:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ երէկ ընդունեց իրաւաբաններու պատուիրակութիւն մը, որուն հետ խորհրդակցեցաւ արդարութեան եւ ազատութեան պաշտպանութեան սկզբունքներու գործադրութեան եւ առնչակից հարցերու շուրջ:
ՊԷՅՐՈՒԹի միազգային օդակայանի ճամբորդներուն թիւը 12 առ հարիւր համեմատութեան աճ արձանագրած է` բաղդատաբար նախորդ տարուան:
ՆԻՒ ԵՈՐՔի մէջ իր մահկանացուն կնքեց առաջնորդ Ըստֆան Հեքթոր Տուէյհի` երկարատեւ հիւանդութենէն տառապելէ ետք: Կարգադրութիւններ կը կատարուին անոր մարմինը փոխադրելու Զղայրթայի Էհտեն գիւղաքաղաքը` համաձայն իր կտակին:
ԹՐԻՓՈԼԻի մէջ տեղի ունեցած յատուկ հանդիսութեամբ Լիբանանի մէջ Անթիկայի եւ Պարպուտայի արտակարգ դեսպան նշանակուեցաւ Մոհամետ Պատր Զոհպի` ներկայութեամբ Անթիկայի վարչապետ Կասթըն Պրաունի եւ արտաքին գործոց նախարար Շարլ Ֆերնանտեզի:
ԸՍՏ «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքին, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուի փաստաբան Միշել Անթուան Սլէյմանը նշանակած է նախարարութեան օրինական հարցերու խորհրդական:

