Թրքական Բանտէն Բջիջային Նամակագրութեամբ. Պիլալ Տըքմաք Կը Բողոքէ Թրքական Բանտախուցի Իր Կեցութեան Պայմաններուն Դէմ
Լիբանանեան ապահովական մարմիններէն հետապնդուող շէյխ Պիլալ Տըքմաք իր ընկերակիցներուն հետ անցած է Թուրքիա, ուր փորձած է Շենկենի կեղծ այցեգիր ձեռք ձգել, սակայն ձերբակալուած է թրքական իշխանութեանց կողմէ:
«Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը, որ հաղորդեց լուրը, աւելուց, թէ Տըքմաք թրքական բանտախուցէն բջիջային հեռաձայնի «Էս.Էմ.Էս» նամակագրութեամբ սպառնացած է… արշաւի դիմել` բողոքելով բանտախուցի անտանելի պայմաններուն դէմ, ուր միջատներն ու աղտը կը տիրեն:
CATEGORIES Լիբանանեան

