Սուրիացի Գաղթականներու Հարցը` Տեղական Թէ Արտաքին Մակարդակի Քննարկումներու Առանցքային Հարց

1218_TammamSalam_DavidHaleՊաշտօնապէս աւելի քան մէկ միլիոն սուրիացի գաղթականներու հարցը օրըստօրէ առաւել եւս կը ճնշէ լիբանանցիներու առօրեային վրայ, քաղաքական, ընկերային թէ ապրուստի հայթայթման իմաստով:

Այս իմաստով խոստմնալից ու դրական նկատուեցաւ Պէյրութի մէջ Ծոցի գործակցութեան խորհուրդի ներկայացուցիչներու ժողովը, որուն ընթացքին անոնք ընդգծեցին տագնապի սուր բնոյթը` խոստանալով ամէն օժանդակութիւն ցոյց տալ այս գծով: Այս իմաստով անոնք շրջեցան Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներու գտնուած վայրերը` մօտէն տեղեկանալու անոնց կացութեան մասին: Այս ծիրին մէջ Քաթարի դեսպանը շեշտեց Ծոցի «Կարմիր մահիկ»-ի ընկերակցութեանց դերը` ընդգծելով, որ սուրիացի գաղթականներու հարցը յատուկ հոգածութեան առարկայ է:

Նմանապէս, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ իր տեսակցութեան աւարտին հաստատեց այս հարցին «մեծ բեռ» ըլլալը Լիբանանի ուսերուն` ընդգծելով, որ իր երկիրը եւս 617 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն կատարած է սուրիացի գաղթականներու հարցին գծով:

Արաբական, արեւմտեան ու ՄԱԿ-ի կողմէ Լիբանանի վրայ կեդրոնացող այս ուշադրութիւնը կը ցոլացնէ սուրիացի գաղթականներու հարցին վտանգաւոր բնոյթն ու անոր հետեւանքներու ազդեցութիւնը Լիբանանի եւ լիբանանցիներու կեանքին վրայ: Ահաւոր տագնապի մը սպառնալիքը կանխարգիլելու ճիգերը ակներեւ են արտաքին շրջանակներու մօտ, որոնք կը փութան օգնութեան ձեռք երկարելու հոգ չէ թէ ուշ:

 

Share this Article
CATEGORIES