Տնտեսական «Աւետիսներ» Կամ` Տնտեսական-Ընկերային «Փերեսթրոյքա՞»

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, թէ անմիջական օգտագործման նիւթերու (մազութ, շաքար…) սակագիներու նուազումի լոյսին տակ, հանդիպումներ կը կատարուին պատկան մարմիններուն հետ` վերատեսութեան ենթարկելու մէկ տրցակ հացի սակագինի նուազեցման կարելիութիւնը, եւ այս գծով պատշաճ որոշում մը պիտի հրապարակուի:

ԹԻԹԵՂ մը պենզինի (95 եւ 98 օքթան) սակագինը 1100 լ.ո. նուազում կրեց, իսկ տիզըլ մազութը հազար լ. ո. եւ քարիւղը` 900 լ.ո.: 12,5 քկ պիւթակազին սակագինը 17,800 լ.ո.:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր պատկան նախարարութեանց հետ խորհրդակցաբար առողջապահական ամբողջական ապահովագրութեան ծրագիր մը յայտարարեց արուեստագէտներու, դերասաններու, սենտիքայի անդամներու, երաժիշտներու եւ աշուղական բանաստեղծներու համար:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալեն Հաքիմ պատկերասփիւռային յայտագիրի մը ընթացքին «աւետեց», թէ ներկայիս շաբաթական 50-60 ելեկտրականութիւն արտադրող շարժակներ կը քննուին` ստուգելու համար, եթէ անոնք կը խախտեն պետութեան ճշդած պաշտօնական սակագինը: Ան աւելցուց, թէ ուժանիւթի նախարարութեան հետ միասնաբար, ելեկտրածին շարժակներու տագնապին գծով լուծման մը պիտի նախաձեռնէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան գրասենեակներու միութիւնը հաղորդագրութեամբ մը երէկ յայտարարեց «սնունդի անվտանգութեան վարժանիստի կեդրոն»-ին բացումը, ուր զանազան գործատեղիներու աշխատաւորներ պարտադիր անվճար վարժանիստերու պիտի մասնակցին յառաջիկայ 15 յունուար 2015-էն սկսեալ եւ համապատասխան Ա. եւ Բ. կարգերու վկայականներ պիտի ստանան սննդեղէնի անվտանգութեան գծով: Հանդիսութեան ներկայ էին առողջապահութեան, ճարտարարուեստի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի, կենսոլորտի նախարարներն ու առնչակից մարզերու պատասխանատուներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը մանրամասնեց այս ծրագիրի արդիւնքներն ու ազդեցութիւնները` իրենց գլխաւորած մարզի բարգաւաճումին եւ յառաջդիմութեան վրայ, որ ի վերջոյ պիտի յանգի ի շահ եւ ի սպաս քաղաքացիին եւ Լիբանանի առողջութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES