Վարչապետ Սալամ Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Նախագահի Ընտրութեան Եւ Առեւանգուած Զինուորականներու Ազատ Արձակման Իրականացումը

1218_tahliji-nisdՎարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ նախագահեց նախարարաց խորհուրդի նիստին, ուր օրակարգի կէտերէն դուրս քննարկուեցան նաեւ երկրի աղբակոյտերուն հաւաքման եւ այս գծով «Սուքլին»-ի հետ գործակցութեան ժամանակաշրջանի երկարաձգման կարելիութիւնն ու սեփական մարզի նոր համալսարաններու արտօնագիրի տուչութեան հարցը: Առանց վճռական որոշում տալու, կառավարութեան նիստը յետաձգուեցաւ յառաջիկայ երեքշաբթի օրուան:

Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ վարչապետ Սալամ անդրադարձաւ օրուան հիմնահարցերուն` նախագահի ընտրութեան եւ առեւանգեալ զինուորականներու ազատ արձակման հարցերուն` անհրաժեշտ նկատելով անոնց անյապաղ իրականացումը:

Share this Article
CATEGORIES