Աուն-Ժահժահ Հանդիպումը` Տարեսկիզբին
«Նախագահական ընտրութեան հարցին կողքին այլ հարցեր ալ պիտի քննարկուին մեր հանդիպումին ընթացքին», յայտարարեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Աուն երէկ` ակնարկելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ իր տեսակցութեան, որ ըստ հաւաստի աղբիւրներու, կրնայ տեղի ունենալ տարեսկիզբին: Նշելով, որ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ առանց նախապայմանի, երեսփոխան Միշել Աուն ընդգծեց, որ ինք նախագահական իր թեկնածութիւնը ոչ ոքի կը զիջի:
CATEGORIES Լիբանանեան

