Առեւանգողներուն Կողմէ Մահավճիռի Առկախման Լոյսին Տակ. Շէյխ Ուիսամ Մասրի Տեսակցեցաւ Առեւանգեալ Զինուորականներուն Եւ Ապա Ծնողներուն Հետ

1218_arevankial-zinvornerou-dznoghnerԱրսալէն անդին Քալամունի եւ Ուատի Աթայի մէջ արձանագրուող զինեալ բախումներուն ստեղծած վախի մթնոլորտին մէջ, առեւանգուած զինուորականներու հարցը ստացաւ նոր հուն, երբ սալաֆական շէյխ Ուիսամ Մասրի երէկ առաւօտեան Արսալի բարձունքներ ուղղուելով տեսակցեցաւ առեւանգեալ զինուորականներուն հետ: Աւելի ուշ Մասրի ուղղուեցաւ Պէյրութի Ռիատ Սոլհի հրապարակը` տեսակցելու համար անոնց ծնողներուն հետ: Իսկ երեկոյեան մամլոյ ասուլիս մը տուաւ իր քայլերուն մասին:

Նախքան այդ, առեւանգեալ զինուորականներու ընտանիքներէն պատուիրակութիւն մը նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Պէյրութի կեդրոնի բնակարանին մէջ տեսակցած էր «Մուսթաքպալ» հոսանքի ներկայացուցիչ Ահմետ Հարիրիի հետ:

Այս առիթով առեւանգեալներուն ընտանիքները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին տրուած խոստումներուն գծով` նշելով, որ իրենց հաստատ տեղեկութիւններ փոխանցուած են, թէ հինգշաբթի օր (երէկ) գործադրուելիք մահավճիռը առկախուած է: Անոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին երթալու մինչեւ Սէուտական Արաբիա եւ աւելի հեռուները, եթէ այդ ձեւով կ՛ազատագրուին իրենց զաւակները:

Share this Article
CATEGORIES