Մարտինի Համաքաղաքապետը Ներում Հայցած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Համար

Ահմէթ Թուրք

Ահմէթ Թուրք

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Մարտին քաղաքի համաքաղաքապետ Ահմեթ Թուրք Սթոքհոլմի մէջ յայտարարած է, թէ քիւրտ ժողովուրդը իսլամութեան անունով օգտագործուած է ցեղասպանութեան իրագործման համար:

Շուէտի մէջ տեղի ունեցած քննարկումին մասնակցած են Մարտինի համաքաղաքապետեր Ֆեպրունիէ Աքիոլն ու Ահմեթ Թուրքը, իսկ շուէտական Սիկթունա քաղաքը ներկայացուցած է քաղաքապետն ու աւագանիի ղեկավարը:

Քննարկումին մասնակցած է արդէն շուրջ մէկ տարիէ ի վեր Շուէտի մէջ բնակող թուրք հրատարակիչ Ռակըփ Զարաքոլու:

Ահմեթ Թուրք իր արտասանած խօսքին մէջ ընդգծած է, որ Քիւրտիստանի իրական տէրերը հայերը, ասորիները եւ եզիտիներն են, որոնց 1911¬էն ի վեր Երիտասարդ թուրքերուն որոշումով կոտորած են:

«1914-1915¬ին, երբ պետութիւնը այդ որոշումները կեանքի կը կոչէր, դժբախտաբար քիւրտ ժողովուրդն ալ օգտագործուեցաւ բացայայտօրէն: Մեր պապերուն կողմէ հայերուն նկատմամբ այդ արարքներու ցաւը այժմ կը զգանք մենք` իբրեւ անոնց զաւակներն ու թոռները: Երբեք ու երբեք մեր եղբայր ժողովուրդներու ցաւը պիտի չմոռնանք: Պէտք չէ մոռնանք: Մեր հայ, ասորի եւ եզիտի եղբայրներէն կը խնդրենք, որ ներեն մեզի», ըսած է ան:

Ան պնդած է, որ երեսուն տարիէ ի վեր շարունակուող քրտական ազատագրական պայքարը կը պատկանի ոչ միայն քիւրտերուն, այլ նաեւ` Միջին Արեւելքի բոլոր ազգերուն:

Իր ելոյթին մէջ Ռակըփ Զարաքողլու նշած է, որ մինչեւ այսօր Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան չեն առերեսուած, իսկ 1914-1915¬ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցածը կարելի է ժիհատ կոչել:

 

Share this Article
CATEGORIES