Իրան-Հայաստան Սահմանին Մօտ Նոր Օդակայան Պիտի Կառուցուի
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ «Արազ» ազատ տնտեսական գօտիի տնօրէն Մոհսուն Խատեմ Արապպաղի յայտարարած է, որ Իրան Հայաստանի հետ սահմանին վրայ գտնուող «Արազ» ազատ տնտեսական գօտիին մէջ նոր օդակայան պիտի կառուցէ:
Ըստ անոր, օդակայանը կը ծրագրուի կառուցել յառաջիկայ երկու տարուան ընթացքին: «Արդէն ստացած ենք օդակայանի շինարարութեան արտօնագիրը, որ անհրաժեշտ է ազատ տնտեսական գօտիի ենթակառոյցին զարգացման համար», ըսած է ան:
Արապպաղի նշած է, որ նոր օդակայանը պիտի կառուցուի 300 հեկտար ընդհանուր մակերեսով տարածքի վրայ: «Ատոր շինարարութեան համար ֆինանսական միջոցները արդէն յատկացուած են: Օդակայանը պիտի կարենայ ընդունիլ ճամբորդատար եւ բեռնատար մեծ օդանաւեր», ըսած է իրանցի պաշտօնատարը:
Իրանի մէջ 9 տարի առաջ ստեղծուած «Արազ» ազատ տնտեսական գօտին կը զբաղեցնէ 53 հազար հեկտար մակերեսով տարածք: Ազատ տնտեսական գօտիի տարածքը իրանեան Ջուլֆա քաղաքէն կ՛երկարի դէպի Խուտաֆերին գիւղը: Ջուլֆայի մէջ ազատ տնտեսական գօտիի տարածքը կը կազմէ 21 հազար հեկտար:

