Հայաստանի Խնդրանքին Ի Պատասխան` 60 Միլիոն Եուան Անհատոյց Օգնութիւն

Կառավարութեան երէկուան նիստին ընթացքին արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան  կառավարութեան վաւերացման ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան  կառավարութեան եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ  ճարտարագիտական եւ տնտեսական գործակցութեան մասին» համաձայնագիրը, ըստ որուն, Հայաստանի Հանրապետութեան  կառավարութեան խնդրանքին համապատասխան կը տրամադրուի 60 միլիոն չինական եուանի չափով  անհատոյց օգնութիւն:

Հայկական կողմը կը ստանձնէ այս համաձայնագիրի ծիրին մէջ տրամադրուող ծառայութիւններու, ապրանքներու  ձեռք բերման եւ ներածման կապակցութեամբ գանձուող տուրքերու, մաքսատուրքերու եւ այլ պարտադիր վճարումներու կապուած ծախսերը:

Share this Article
CATEGORIES