Դրամը Արժեւորուած Է
Եթէ չորեքշաբթի տոլարը փոխանակման որոշ տեղերու մէջ հասած էր 665 դրամի, երէկ միջինը եղած է 510 դրամ :
Խորհրդարանին մէջ դռնփակ արտակարգ նիստը ճիշդ 6 ժամ տեւած է` առանց դադարներու: Պատգամաւորները միայն կեդրոնական դրամատան նախագահին 40 հարցումներ ուզած են ուղղել: Շուրջ 4 ժամ հարցումներուն պատասխանելէ ետք զինք փոխարինած է տեղակալը:
Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի խօսքով, նիստին նպատակը պատգամաւորներուն իրավիճակին մասին տեղեկութիւն տալն էր: Լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին ան ըսած է, որ մանրամասն քննարկած են ելեւմտական շուկային մէջ ստեղծուած իրավիճակը, նաեւ յայտնած է, որ յառաջիկային տոլարի գինը կը նուազի:
«Ես կը կարծեմ, որ մինչեւ տարեվերջ բաւական լուրջ զսպուածութիւն կը յառաջանայ այս ուղղութեամբ», ըսած է Գ.Սահակեան:
Ելեւմուտքի նախարար Գագիկ Խաչատրեան լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին յայտարարած է, թէ դժուար է ըսել, թէ ստեղծուած իրավիճակը որքան կը տեւէ, բայց ամէն ինչ հսկողութեան տակ է:
«Մենք կրնանք գործողութիւններ ընել` այս իրավիճակը բնականոնացնելու նպատակով, բայց մենք կ’աշխատինք երկարատեւ ժամանակի համար կայունացնելու վիճակը, որպէսզի առեւտրականները այդ տոլար-դրամ-եւրօ յարաբերութիւնները յստակ գիտնան, թէ ինչ կը կատարուի», նշած է նախարարը:

