Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Փաստերով Ուղեցոյց Մը Հրատարակուած Է
«Դրացիներ. հայեացք Հայաստանէն» գիտաժողովը հատած է եզրային գիծը: Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի տեղեկատուութեան ծառայութենէն «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցած են, որ 15-17 դեկտեմբերին տեղի ունեցած գիտաժողովը կազմակերպած էր «Շրջանային իրադարձութիւններու գիտավերլուծական կեդրոն»-ը, Երիտասարդ գիտնականներու աջակցման ծրագիրի, Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի, Երիտասարդ առաջնորդներու դպրոցի, Ամերիկայի հայկական համագումարի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական կառավարման կաճառի աջակցութեամբ: Գիտաժողովին ընթացքին մասնագէտները անդրադարձած են Արցախի շուրջ ստեղծուած իրադարձութիւններուն, ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման եւ արաբական աշխարհին մէջ համապատասխան զարգացումներուն, Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման քաղաքականութեան իրաւական եւ քաղաքագիտական դիտանկիւններուն:
17 դեկտեմբերին` գիտաժողովի փակման օրը, տեղի ունեցած է Երիտասարդ առաջնորդներու դպրոցի ղեկավար, թրքագէտ Արտակ Շաքարեանի «Ուղեցոյց երիտասարդ դեսպանին. փաստեր Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ» գիրքին շնորհահանդէսը: Գիրքը տպուած է Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի գործընկեր կազմակերպութեան կողմէ յայտարարուած դրամաշնորհային մրցումի ծիրին մէջ: Գիրքը, ըստ էութեան, կ՛անդրադառնայ Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրին եւ ամփոփ կը ներկայացնէ, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իբրեւ հատուցում պաշտօնապէս ի՛նչ կը պահանջէ Թուրքիայէն:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան գիրքը կարեւոր հրատարակութիւն նկատած է: «Այս գիրքը կը զինէ երիտասարդութիւնը այն կարեւոր պատասխաններով եւ մօտեցումներով, որոնք յաճախ թրքական կողմը կը խեղաթիւրէ իր տեսակէտին մէջ ներկայացնելով», նշած է ան: Կիրօ Մանոյեան յատկապէս կարեւոր նկատած է գիրքին յառաջաբանը, ուր կը ներկայացուի, որ Թուրքիա որդեգրած է կասկած յարուցելու քաղաքականութիւն:
Ըստ Մանոյեանի, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին սեմին, միայն մենք յաջողեցանք ունենալ Հայոց ցեղասպանութեան հատուցում պահանջող համապարփակ թղթածրար, որովհետեւ անցեալի բազմաթիւ նման փորձերը անյաջողութեան մատնուած էին:
Արտակ Շաքարեան, ներկայացնելով «Ուղեցոյց երիտասարդ դեսպանին. փաստեր Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ» գիրքին օգտակարութիւնը, նշած է. «Կը թուի, թէ հայ հանրութիւնը ամբողջովին տեղեկացուած է Հայոց ցեղասպանութեան մանրամասնութիւններուն: Սակայն, իրականութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին մեր ժողովուրդին անդամներուն զգալի մասին գիտելիքները ո՛չ հիմնաւոր են, ո՛չ ալ, առաւել եւս, փաստարկուած: Մինչդեռ նշուած հիմնախնդիրներուն վերաբերեալ թերի տեղեկացուած հայ երիտասարդները, արտասահմանի մէջ զանազան առիթներով հանդիպելով թուրք եւ ազրպէյճանցի համապատասխան կառոյցներու կողմէ նախօրօք պատրաստուած անձերու, յաճախ դժուար իրավիճակներու մէջ կը յայտնուին: «Ուղեցոյց երիտասարդ դեսպանին» աշխատանքը ուղղուած է լրացնելու այս բացը»:
Գիրքին մէջ ներկայացուած նիւթերուն ծիրին մէջ ուսումնասիրուած են Հայոց ցեղասպանութեան մասին թրքական գրականութիւնն ու հակահայկական կայքերու քարոզչական բնոյթը: Այս մարզին մէջ ճանչցուած հայ մասնագէտներու հետ քննարկուած են թրքական ժխտողական հիմնական թեզերը, միացեալ փորձ կատարուած է վերջիններուն տալու կարելի եղածին չափ հիմնաւոր, սեղմ եւ ընդգրկուն պատասխաններ: Գիրքին մէջ, մասնաւորապէս կը քննարկուին Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն թիւը, հայերու ինքնապաշտպանութիւնները, բռնագաղթի` իբրեւ բնաջինջ գործիքի օգտագործումը, ինչպէս նաեւ օսմանեան դատարանին կողմէ հայերու կոտորածներուն դատապարտումը:
Գիրքը նախատեսուած է արտասահման մեկնող երիտասարդներուն համար, որոնք այս կամ այն ձեւաչափով պիտի քննարկեն Հայոց ցեղասպանութիւնը, կամ հանդիպումներ պիտի ունենան թուրք պաշտօնակիցներու հետ:

