Աբրահամեան. «Պիտի Չհանդուրժենք Գիներու Անհիմն Աճը»

1218_hovig-1912Կառավարութեան երէկուան նիստին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, նախքան կառավարութեան նիստի օրակարգին անցնիլը, յայտարարած է, որ հանդիպումներ ունեցած է Միջազգային դրամական ֆոնտի, Համաշխարհային դրամատան ներկայացուցիչներուն եւ առեւտրականներու հետ: «Անոնք կ՛աջակցին, արտաքին ցնցումներով պայմանաւորուած, փոխարժէքի տատանումներու հետեւանքով ելեւմտական շուկայի կայունացմանն ուղղուած մեր քայլերուն», ըսած է  Աբրահամեան:

Վարչապետը շեշտած է, որ նախանցեալ օրուան  երկրորդ կէսէն սկսեալ եւ արդէն երէկ կը նկատուի  կայունացման միտում ելեւմտական շուկային մէջ, որ ըստ վարչապետին, պիտի շարունակուի:   «Սակայն մենք անհանգստացած ենք լումայափոխներու մօտ գնման եւ վաճառքի գիներու մեծ տարբերութիւններով եւ սպառողական շուկային մէջ տեղի ունեցող որոշ հոլովոյթներով: Մասնաւորապէս երէկ  շաքարաւազի, ալիւրի եւ լայն սպառման շարք մը  ապրանքներու գծով գիներու ակներեւ բարձրացումներ կային», ըսած է վարչապետը եւ յանձնարարած  պատկան մարմիններուն, որ ուսումնասիրեն այս հոլովոյթները եւ ամէն օր իրեն ներկայացնեն մանրամասն տեղեկութիւններ:   «Միաժամանակ, կը թելադրեմ ամենայն խստութեամբ մօտենալու  այս չարաշահումներուն: Կառավարութիւնը  գիներու անհիմն աճը պիտի չհանդուրժէ», նշած է Յովիկ Աբրահամեան:

 

Share this Article
CATEGORIES