Մխիթարեանի Փոխարէն Շաարաուի՞…
Ինչպէս կը յայտնէ express.co.uk, անգլիական Լիվըրփուլ եւ Արսենալ ակումբները իրենց հետաքրքրութիւնը չեն կորսնցուցած Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի նկատմամբ:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, եթէ Պորուսիա Տորթմունտ յաջողի իր կազմին միացնել Ա.Սէ.Միլանի իտալացի ֆութպոլիստ Սթեֆան Շաարաուին, գերմանական ակումբը պատրաստ է ընդառաջելու անգլիական ակումբներէն մէկուն առաջարկին:
Սակայն Ա.Սէ.Միլանի մարզիչ Ֆիլիփօ Ինցակի այդքան ալ համամիտ չէ ծախելու Շաարաուին:
CATEGORIES Մարզական

