Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին Մէջ «Յարութիւն Եւ Վերոնիք Կարեւորեան Մշակութային Հիմնադրամ»-ի Հաստատում
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիւանը կը տեղեկացնէ, որ կաթողիկոսարանին մէջ հաստատուած է «Յարութիւն եւ Վերոնիք Կարեւորեան մշակութային հիմնադրամ»-ը` 725,000 (եօթը հարիւր քսանհինգ հազար) ամերիկեան տոլարի դրամագլուխով:
Սոյն հիմնադրամը հաստատուեցաւ հանգուցեալ տոքթ. Յարութիւն Կարեւորեանի այրիին` Վերոնիք Սիմոնէն-Կարեւորեանի կողմէ, խորհրդակցաբար Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ, ի յիշատակ իր ամուսնոյն: Հիմնադրամին նպատակն է` հանգուցեալ տոքթ. Կարեւորեանի փափաքով, օգտակար ըլլալ Լիբանանի հայութեան առնչուած կրթական եւ մշակութային ծրագիրներու, որոնք կը նպաստեն հայկական ու ֆրանսական մշակոյթներու գործակցութեան եւ զարգացման: Հիմնադրամը պիտի գործէ վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ կազմուած յանձնախումբի մը հսկողութեան ներքեւ:
CATEGORIES Գաղութային

