Ճափոնի Դեսպանատան Իշխանական Նուիրատուութեամբ. Ազգային Յառաջ – Գ. Կիւլպենկեան Քոլեճի Վերանորոգուած Շէնքի Բացման Հանդիսութիւն

1219_harachԵրէկ` ուրբաթ, 19 դեկտեմբեր, 2014-ի առաւօտեան, մեծ հանդիսութեամբ բացումը կատարուեցաւ Այնճարի Ազգային Յառաջ – Գ. Կիւլպենկեան քոլեճի վերանորոգուած շէնքին:

Վարժարանի մեծ ընտանիքն ու գիւղի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ դարպասին մօտ մեծ շուքով դիմաւորելէ ետք Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանն ու Ճափոնի դեսպանը, ուղղուեցան «Գալուստ Կիւլպենկեան» սրահ, ուր աշակերտները պատրաստած էին գեղարուեստական յայտագիր մը: Ներկայութեամբ Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանի, քահանայ հայրերու, Ազգային իշխանութեանց ուսումնական եւ Կալուածոց խորհուրդներու, վարժարանի խնամակալութեան, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի, ծնողական խորհուրդի եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, բացումը կատարուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրին:

Արմէն Թաշճեան

Արմէն Թաշճեան

Լիբանանի, Ճափոնի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան ողջունեց ներկաները եւ հաստատեց, որ 73-ամեայ վարժարանի պատմութեան էջերը այսօր կը լուսաւորուին «Բարձրացի՛ր ու բարձրացո՛ւր» նշանաբանով առաջնորդուող Ճափոնի դեսպանատան կատարած ազնիւ ծառայութեան օրինակով:

Արմէն Թաշճեան ակնարկով մը մէջբերելէ ետք Ճափոնի ժողովուրդին ապրած ողբերգութիւնները, աւելցուց, որ Ճափոնի դեսպանատան բարերար ներդրումը յստակ պատգամը կը հանդիսանայ, որ կրթութիւնն ու ուսումը կը մնան գլխաւոր դրամագլուխը տագնապներ յաղթահարելու, խզուած կամուրջներ վերականգնելու եւ խաղաղութիւն հաստատելու:

Վարժարանի ընտանիքին անունով տնօրէնը ըսաւ. «Ոգեւորուած ու քաջալերուած ենք, ձեր նեցուկով, միեւնոյն ատեն հպարտ ենք, որ մեր կողքին էք, եւ մասնակից մեր առաքելութեան: Շնորհիւ ձեր բարերար ներդրումին, մեր վարժարանի 45 տարուան կառոյցը հիմնովին պատշաճեցաւ արդի առողջապահական եւ կրթական միջավայրի չափանիշներուն եւ յարմարութեանց»:

Ա. Թաշճեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին այս բարերար նախաձեռնութեան յաջողութեան, ի մասնաւորի Ազգային առաջնորդարանի Ուսումնական եւ Կալուածոց խորհուրդներուն, վարժարանի խնամակալութեան, տէր եւ տիկին Ռուբէն եւ Սեդա Մանկասարեաններուն, դեսպանատան աշխատակազմին, նախապատրաստական աշխատանքներուն իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը բերած Եսայի Հաւաթեանին եւ Հրակ Սթամպուլեանին, «Ֆորմիփրօ» հաստատութեան եւ ճարտարապետ Տիգրան Գալուստեանին` ամբողջ գործը ղեկավարելու եւ իր յաջող աւարտին հասցնելու համար:

1219_harach4Ապա բեմ բարձրացաւ նախակրթարանի երգչախումբը եւ ներկայացուց «Երգում են բոլորը» երգը եւ արաբերէն երգ մը:

«Ձիկան» պարով բեմը ճոխացուց 7-8-րդ դասարաններու պարախումբը, որուն յաջորդեց քոլեճի կառոյցի համապարփակ վերանորոգումը ներկայացնող փաուըր փոնյթի ցուցադրութիւնը:

Ճափոնի դեսպանը

Ճափոնի դեսպանը

3-4-րդ դասարաններու ազգագրական պարէն ետք, խօսք առաւ Ճափոնի դեսպանը, որ ողջունեց բոլորը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց պատրաստուած գեղեցիկ հանդիսութեան համար:

Ան ըսաւ. «Հիացումով իմացայ, թէ 1941-էն սկսեալ հիմը դրուած է այս կրթօճախին, որ մինչեւ այսօր ուսում ու կրթութիւն կը ջամբէ հայ սերունդին: Ինչպէս նաեւ մեծ ուրախութեամբ կը տեսնենք, որ մեր ներդրումով վերանորոգուեցաւ այս կառոյցը»:

Ապա անդրադառնալով տիրող քաղաքական անկայուն վիճակին ան ըսաւ, որ հպարտ ենք, որ այս դպրոցը իր դռները լայն բացած է ընդունելով սուրիահայ գաղթականներ: Ապա «ան որ կը մեղքնայ ուրիշին, կը յիշէ ինքզինք» Ճափոնական առածը մէջբերելով ըսաւ, թէ ազնուութիւնն ու փափկանկատութիւնը, որ կը կատարենք հանդէպ մեր բարեկամին, անպայման ապագային կ՛արդիւնաւորուի բարիքով ու լաւ գործերով:

Խօսքի աւարտին, գնահատելով ներկայացուած գեղարուեստական յայտագիրը, դեսպանը հաւաստիացուց ներկաներուն, որ Ճափոնի ժողովուրդն ու դեսպանատունը միշտ պիտի ըլլան վարժարանին կողքին:

Շահէ եպս. Փանոսեան

Շահէ եպս. Փանոսեան

Ապա խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան , որ գնահատեց Ճափոնի դեսպանատան կատարած բարերար ներդրումը եւ ըսաւ. «Մեր ճիգերուն մէջ առանձին չենք, այլ ունինք բարեկամներ, որոնք զօրավիգ կը կանգնին մեզ մեր տագնապալի օրերուն»:

Առաջնորդ սրբազան հայրը իր պատգամը աւարտեց մաղթելով, որ պատուով պահուի վերանորոգ կառոյցը եւ բազմաթիւ սերունդներ աճին ու ուռճանան այնտեղ:

Հանդիսութեան աւարտին տնօրէնը վարժարանի մեծ ընտանիքին անունով առ ի երախտագիտութիւն կատարուած բարերար ներդրումին Առաջնորդ սրբազանին ձեռամբ յուշանուէր մը յանձնեց Ճափոնի դեսպանին:

Ներկաները ուղղուեցան քոլեճի բակը, ուր կատարուեցաւ բացման արարողութիւնը, ապա անոնք շրջեցան շէնքի վերանորոգուած բոլոր բաժանմունքները:

 

Share this Article
CATEGORIES