Ռուսիա Կը Վաճառէ Իր Ոսկիի Պահեստները
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ «Սոսիեթէ Ժեներալ» փտածութեան վերլուծաբաններու զեկուցումին մէջ կ՛ըսուի, որ հաւանական է, որ Ռուսիա սկսած է վաճառել իր ոսկիի պահեստէն, եւ այդ մէկը սկսած է դեկտեմբերի առաջին շաբթուան ընթացքին:
«Պլումպըրկ» ամերիկեան լրատուական գործակալութեան տուեալներով` Ռուսիոյ պետական ոսկիի պահեստը դեկտեմբերի առաջին շաբաթը կրճատուած է 4,3 միլիառ տոլարով:
Ռուսիոյ դրամական ոսկիի պահեստի աճը միջազգային պահեստներուն մէջ 2013-ին կազմած էր 8,1 առ հարիւր (77,759 թոն)` 33,3 միլիոն օնսա փոխան նախկին 30,8 միլիոն օնսայի:
Ոսկիի ֆիզիքական ծաւալը միջազգային պահեստներուն մէջ վերջին քանի մը տարիներուն շարունակաբար կ՛աճի: Եթէ 2007-ին ոսկիի պահեստը կը կազմէր 402 թոն, ապա 2008-ին կազմած է 450, 2009-ին` 519, 2010-ին` 637,6, 2011-ին` 789,9, 2012-ին` 883,2, իսկ 2013-ին` 958 թոն:
Միւս կողմէ, հագուստի եւ կօշիկի մեծագոյն վաճառողները դադրեցուցած են ապրանքներու մատակարարումը Ռուսիոյ մէջ գործող հագուստի խանութներ:
Առեւտրական յարաբերութիւնները սառեցուցած է սպանական շուկայի յառաջատար «Ինտիթեքս» ընկերութիւնը, որուն կը պատկանին «Զարա», «Օյշօ» եւ «Պըրշքա» մակնիշները: Աշխատանքը սառեցուցած է նաեւ «Պի.Էն.Էս. Կրուփ»-ը, որ Ռուսիոյ մէջ կը ղեկավարէ «Քալվին Քլայն», «Արմանի Ճինզ», «Մայքըլ Քորս» եւ «ԹափՇափ» ցանցերը:
«Պի.Էն.Էս. Կրուփ»-ի գլխաւոր տնօրէն Տենիս Պոկաթիրիով բացատրած է, որ ընկերութիւնը դադար առած է մինչեւ ընթացիկ տարուան վերջ եւ 2015-ի առաջին շաբաթը: «Մենք դադրեցուցած ենք վաճառումները մատակարարներուն: Անոնք ըմբռնումով մօտեցան, որովհետեւ տոլարի եւ եւրոյի ընթացքը անիրական է», նշած է ան:
Որոշակի խնդիրներ կը յառաջանան վարձակալութեան վճարներուն հետ կապուած: Որոշ շրջաններու մէջ վաճառողները կը խնդրեն վարձակալութեան արձակուրդներ մինչեւ գարուն:
Մինչ այդ, «Gazeta.ru»` յղում կատարելով «Սի.Պի.Էս. Լոքըլ»-ին, կը հաղորդէ, որ Քալիֆորնիոյ նահանգի Ռիչմընտ քաղաքին մէջ հրդեհ ծագած է Միացեալ Նահանգներու մեծագոյն քարիւղի մշակման գործարաններէն մէկուն մէջ, որ կը պատկանի «Շեւրոն» ընկերութեան: Կը նշուի, որ հրդեհը ծագած է գործարանի սարքաւորումներուն արտաքին ազդակներէ պաշտպանուած չըլլալնուն պատճառով:
Ռիչմընտի «Շեւրոն» գործարանը ունի 1200 հեկտար տարածք եւ օրական կը վերամշակէ աւելի քան 240,000 տակառ քարիւղ:
Քարիւղի մատակարարման ձգձգումները կրնան ազդել Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան ափին մէջ պենզինի գիներուն վրայ, որոնք կրնան էապէս բարձրանալ, որովհետեւ այդ շրջանը մեկուսացուած է քարիւղի այլ շուկաներէն:

