Փսաքի Անդրադարձած Է Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու Պատճառով Հայաստանի Մէջ Ստեղծուած Տնտեսական Իրավիճակին

Ճեն Փսաքի

Ճեն Փսաքի

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգներ ունի՞ն որոշակի քաղաքականութիւն կամ մօտեցում օգնելու այն երկիրներուն, որոնք կը տուժեն Ռուսիոյ դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներէն, յայտարարած է, որ Ռուսիոյ տնտեսական իրավիճակը, որ նաեւ կ՛ազդէ իր դրացիներուն վրայ, միայն պատժամիջոցներու հետեւանք չէ:

Լրագրողը իր հարցումը ուղղելու ընթացքին մասնաւորաբար բերած է Հայաստանի օրինակը, որ լաւ յարաբերութիւններ ունի Միացեալ Նահանգներու հետ եւ ուր դրամի արժեզրկումը այս շաբթուան ընթացքին արագացած է:

«Ես կը կարծեմ, որ իւրաքանչիւր երկիր պէտք է նայի Ռուսիոյ որոշումներուն եւ քաղաքականութիւններուն: Ես նաեւ պիտի ըսէի, որ Ռուսիոյ մէջ տնտեսական իրավիճակը, որ կ՛ազդէ նաեւ դրացիներուն վրայ, միայն պատժամիջոցներու հետեւանք չէ: Ատիկա շատ աւելի բարդ է եւ քանի մը հարցեր կը ներառէ: Քարիւղի գինն ու Ռուսիոյ ընդհանուր տնտեսական ոչ ճիշդ կառավարումը կարեւոր դեր կը խաղան: Վերջին տասնամեակին մէջ տնտեսութեան տարատեսակացման, նորարարութեան եւ գործարարութեան զարգացման պակասը իրենց դերը ունին: Հետեւաբար ասոնք են այն գործօնները, որոնք բերած են տնտեսական մարտահրաւէրի եւ որոնց այժմ բախած է Ռուսիա», ըսած է Փսաքին:

 

Share this Article
CATEGORIES