ՄԱԿ-ը Սուրիոյ Եւ Շրջանին Համար Մեծ Օժանդակութեանց Ծրագիրներու Կը Ձեռնարկէ
ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրը հինգշաբթի օր հրապարակուած հաղորդագրութեան մը ճամբով հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ն ու անոր գործընկերները 18 դեկտեմբերին նախաձեռնած են մարդասիրական եւ զարգացման մեծ օժանդակութեանց նոր դիմում մը` խնդրելով աւելի քան 8,4 միլիառ տոլարի գումար մը, 2015-ի ընթացքին օգնելու համար Սուրիոյ եւ շրջանին մէջ ապրող շուրջ 18 միլիոն մարդոց:
Դիմումը երկու գլխաւոր տարրեր կը պարունակէ. օգնել Սուրիոյ մէջ տեղահանուած եւ տագնապէն վնասուած 12 միլիոն մարդոց եւ հոգալ կարիքները շրջանին մէջ գտնուող միլիոնաւոր տեղահանուածներու, ինչպէս նաեւ զանոնք հիւրընկալող երկիրներու եւ համայնքներու կարիքները:
CATEGORIES Միջազգային

