Փեշմերկաները Վերջ Տուին ՏԱՀԵՇ-ի Զինեալներուն Կողմէ Սինճար Լերան Պաշարումին
Ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետ Մարթին Տեմփսի յայտարարեց, որ ամերիկեան օդուժը սպաննած է Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի երեք բարձրաստիճան ղեկավարներ` Ապուպաքր Պաղտատիի տեղակալ Հաժի Մուհթազը, Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի բանակի հրամանատար Ապտ Պասեթ եւ Մուսուլի շրջանի էմիր Ռատուան Սապեթ:
Միւս կողմէ, Քրտական ազգային ապահովութեան խորհուրդի խորհրդական Մասրուր Պարզանի յայտնեց, որ փեշմերկաները դաշնակից ուժերու օդուժին աջակցութեամբ վերջ տուած են ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Սինճար լերան պաշարումին. այդ լերան վրայ ապաստանած էին հարիւրաւոր եզիտի ընտանիքներ: Փեշմերկաները յաջողած են Մուսուլի եւ Սուրիոյ հետ սահմանակից Ռահիհա գիւղին ճամբան կտրել:
Փեշմերկաները յառաջանալով հասած են մինչեւ Սինճար լերան ստորոտը: Անոնք ազատագրեցին Սինճարի հիւսիսը գտնուող շարք մը եզիտիական գիւղեր: Փեշմերկաները նաեւ գրաւեցին Թելաֆր լեռը, ուրկէ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները փախուստ տուին Սուրիոյ սահմանին ուղղութեամբ: Անոնք ազատագրեցին հիւսիսային Սինճարի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի վերջին դիրքերը` Նահիաթ Սնունիի թաղամասերուն մեծամասնութիւնը:

