Ալճերիական Օդանաւի Արկածի Զոհերու Ժամանումին Զուգահեռ. Վաղը Պաշտօնական Սուգի Օր

Վարչապետ Թամմամ Սալամ վաղը` կիրակի, 21 դեկտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00 պաշտօնական սուգի օր յայտարարեց` ի յարգանս անցնող 24 յուլիս 2014-ին Մալիի մէջ ազրպէճանական օդանաւի արկածին զոհ գացած 19 լիբանանցիներուն:

Զոհերուն մարմինները Լիբանան պիտի հասնին վաղը` ընկերակցութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլի: Օդակայանին մէջ պիտի կատարուի պաշտօնական ընդունելութիւն:

Share this Article
CATEGORIES