Ուշադիր Վարեցէ՛ք Ձեր Ինքնաշարժը, Եթէ Չէք Ուզեր Տուգանք Վճարել
Հինգշաբթի գիշերէն սկսեալ, ներքին ապահովութեան ուժեր սկսան երթեւեկի գծով հսկողութեան յատուկ դիրքեր հաստատել զանազան մայրուղիներու վրայ: Ժամական 60 քմ. արագութեան արտօնեալ օրէնքը խախտող վարորդը պիտի ենթարկուի մէկէն երեք միլիոն լ. ոսկի տուգանքի, իսկ ինքնաշարժը պիտի «գրաւուի»: Ապրիլ 2015-էն սկսեալ օրինազանց վարորդները պիտի ենթարկուին մէկ ամիսէն երկու տարուան բանտարկութեան:
CATEGORIES Լիբանանեան

