Վարչապետ Սալամի Գլխաւորութեամբ Քարիւղի Գծով Նիստին Մասնակցելով`. «Անհրաժեշտ Է Որ Կառավարութիւնը Վճռէ Քարիւղի Գծով Օրինագիծերը, Որպէսզի Աշխատանքի Լծուինք» Յայտարարեց Արթիւր Նազարեան

1219_nazaryanՎարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց քարիւղի թղթածրարին յատկացուած աշխատանքային նիստի մը` մասնակցութեամբ ուժանիւթի նախարար Արթիւր Նազարեանի, ջուրի եւ ուժանիւթի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբին եւ այլ մասնագէտներու: Քննարկումը կեդրոնացաւ լիբանանեան ծովափէն քարիւղի պեղման եւ օգտագործման միջոցառումներուն պայմաններուն վրայ: Այս առիթով նախարար Նազարեան անհրաժեշտ նկատեց քարիւղի թղթածրարին առնչուող օրինագիծերու վաւերացումը նախարարաց խորհուրդին կողմէ, որպէսզի այս գծով աշխատանքը թափ առնէ: Նազարեան յիշեցուց, թէ Իսրայէլ իր ոտնձգութիւններով մինչեւ ո՛ւր հասած է` մաղթելով, որ նշեալ օրինագիծերու վճռումը գայ այս մարզին «կաղանդչէք» մը աւետելու քաղաքացիներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES