Ազդարարելով Սամիր Ժահժահը, Սաատ Հարիրին Եւ Ուալիտ Ժոմպլաթը`. ՏԱՀԵՇ Կը Սպառնայ Գործադրել Երեք Զինուորականներու Դէմ Իր Մահավճիռը

2719430-3923983ՏԱՀԵՇ-ի նորագոյն սպառնալիքը փոխանցեց սալաֆական շէյխ Ուիսամ Մասրի, որ իբրեւ միջնորդ ինքնակոչ կերպով բարձրացած էր Արսալի բարձունքները, ուր տեսակցած էր առեւանգեալ զինուորականներուն եւ առեւանգողներուն հետ: Զինուորականներուն ընտանիքները անակնկալի եկած, ահ ու սարսափի մատնուեցան, երբ այս նոր միջնորդը իրեն հետ բերաւ երեք նոր մահավճիռներու հաւանականութեան գոյժն ու «Ֆրանսայի դաշնակից» լիբանանցի երեք ղեկավարներու` Սամիր Ժահժահի, Սաատ Հարիրիի եւ Ուալիտ Ժոմպլաթի հասցէագրուած ազդարարութիւնները` տեսերիզի վրայ արձանագրուած: Շէյխ Մասրի աւելի ուշ յայտնեց, որ տեսերիզը յանձնած է պաշտօնական կողմի մը, մինչ ՏԱՀԵՇ-ի աղբիւրներ «յստակացուցին», թէ տեսերիզը հին է եւ պատրաստուած է անցնող շաբաթներուն ընթացքին:

Յուսալքուած ու սարսափահար ծնողները այցելեցին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որ հանգստացուց զիրենք` շեշտելով, որ «առեւանգեալ զինուորներուն հարցը ամբողջ Լիբանանի հարցն է եւ փոխանակման սկզբունքը առկայ է, սակայն անոր իրականացման պայմաններն են, որոնք կը խոչընդոտեն հարցը»:

Զինուորականներուն ընտանիքները որոշեցին այցելել նաեւ վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ անկէ պահանջել, որ կառավարութիւնը այլեւս վճռէ իր կեցուածքը եւ որոշէ միջնորդ «փրկարար»-ին ինքնութիւնը, ըլլայ ան հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ թէ շէյխ Ուիսամ Մասրի:

 

Share this Article
CATEGORIES